Տերսիմի տարածաշրջանէն ժամանած գիւղապետերը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ մասնակցեցան մամլոյ ասուլիսի
Մարտ 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Մոտուս Վիւենտի» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ «Յիշողութեան արթնացում» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Տերսիմի տարածաշրջանի 9 գիւղապետերը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ տեղադրեցին 20-րդ դարասկիզբին տեղի ունեցած մեծագոյն ոճրագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին: Անոնք եղան թանգարան-հիմնարկին մէջ, լսեցին Ցեղասպանութեան մասին պատմութիւններ, դիտեցին 20 վայրկեաննոց տեսանիւթ եւ իրենց հետաքրքրող հարցերը ուղղեցին թանգարանի աշխատակիցին:
Մինչ այդ` Մարտ 21-ին, գիւղապետերը այցելած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Արարատի մարզ, ապա` Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ Մատենադարան:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելութենէն ետք «Փոստ Սկրիպտում» մամուլի ակումբին մէջ կայացաւ գիւղապետերու եւ «Մոտուս Վիւենտի» կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեանի համատեղ մամլոյ ասուլիսը:
«Մոտուս Վիւենտի» կեդրոնի ղեկավարը նշեց, որ Հայաստան այցելած գիւղապետերու մեծ մասը ծագումով հայեր են, որոնցմէ մէկ մասը կ’ուզէ վերադառնալ իր ինքնութեան, արմատներուն: «Այցի ծիրէն ներս անոնք ծանօթացան Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, պատկերացում կազմեցին հայկական մշակոյթին մասին, – նշեց Ա.Պապեան` աւելցնելով, – Շնորհակալութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` այս շատ կարեւոր առաքելութիւնը յաւուր պատշաճի իրականացնելու գործին մէջ ցուցաբերած օգնութեան համար»:
Բանախօսը ընդգծեց, որ Տերսիմի մէջ ապրող բնակչութեան մեծամասնութիւնը ալեւիներ են եւ բարեկամաբար տրամադրուած են քրիստոնեայ հայերու նկատմամբ: «Գիւղապետերը կը ցանկան պարբերական դարձնել իրենց այցելութիւնները Հայաստան», – ըսաւ Ա.Պապեան` խօսքը փոխանցելով Տերսիմի հայերու եւ ալեւիներու միութեան նախագահ Սերկան Սարիատաշ:
Խօսելով երկուքուկէս ամիս առաջ հիմնադրուած իրենց կազմակերպութեան մասին` Ս.Սարիատաշ նշեց. «Առաջին գործը, որ ըրած ենք, Տերսիմի մէջ հայերէնի դասընթացներ կազմակերպելն է` շաբաթական երեք օր` երկու ժամով: Բացի այդ` տերսիմահայերը հանդէս կու գան այլ նախաձեռնութիւններով եւս. Կ’այցելեն տեղի հայկական գիւղերու գերեզմանատուներ եւ կ’աղօթեն մեռեալներու հոգիներու հանգստութեան համար: Իսկ Ապրիլ 24-ին մենք պիտի ըլլանք Տերսիմի այն ժայռին մօտ, ուրկէ 1915թ. հայերուն նետած են անդունդ: Մայիսէն Թուրքիոյ հայ ճարտարապետներու միութեան հետ պիտի սկսինք ճշդել հայկական ճարտարապետութեան հետքերը Թուրքիոյ մէջ: Մենք արդէն յստակեցուցած ենք, որ Տերսիմի տարածքին մէջ եղած է 162 հայկական եկեղեցի, որոնցմէ մէկը կը վերակառուցուի Տերսիմի հայերու եւ ալեւիներու միութեան ու Տերսիմի միութիւններու դաշնութեան ջանքերով»:
Ս.Սարիատաշ ընդգծեց, որ իրենց աշխատանքները այլեւս ոչ թէ անհատական, այլ հասարակական բնոյթ պէտք է կրեն:
Տերսիմի միութիւններու դաշնութեան նախագահ Ահմէտ Պալկըս նշեց. «Մենք գիտենք, որ Տերսիմի մէջ, ուր կ’ապրինք, ամենուրէք Ձեր նախնիներու թողած հարուստ ժառանգութեան հետքերն են: Կ’ուզեմ խոստանալ, որ մեր յաջորդ այցի ժամանակ շատ աւելին պիտի ունենանք Ձեզի հաղորդելու մեր կատարած աշխատանքներուն մասին»:
Ահմէտ Պալկըս շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Մոտուս Վիւենտի» կազմակերպութեան` իրենց ջերմ ընդունելութեան եւ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի հետ ծանօթացնելու ջանքերուն համար:
Տերսիմի հայերու միութեան ներկայացուցիչ Միհրան Փրկիչ նշեց, որ Թուրքիոյ` անցեալի հայաբնակ տարածքներու բնակչութենէն շատերը սկսած են յիշել իրենց իրական ինքնութեան մասին` ամուր քայլերով փորձելով վերադառնալ արմատներուն:
«Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ բանավէճ անիմաստ կը դառնայ, երբ կը քալես Արեւմտեան Հայաստանի հազարաւոր անտէր գերեզմաններու ու յուշարձաններու կողքով: Այդ ապրումները մենք ամէն օր կ’ունենանք Թուրքիոյ մէջ, – շեշտեց Միհրան Փրկիչը` աւելցնելով, – Տերսիմի մէջ ապրող մեր բոլոր հայ եղբայրներու անունները թրքացած ու քրտացած են, եւ գիւղապետերուն Հայաստան բերելու հիմնական նպատակը այն էր, որ գալով եւ ճանչնալով իրականութիւնը` առաւել հետեւողականօրէն տէր կը կանգնին Տերսիմի հայկական գերեզմաններուն»:
Կովերկէ եւ Գարաճա գիւղերու գիւղապետեր Ալի Հըտըր Էրէնը եւ Էրոլ Սալտըկը նշեցին. «Մենք ճնշուած հասարակութիւն ենք եւ կանգնած ենք բոլոր ճնշուողներու կողքին: Մեր յետագայ յարաբերութիւններուն երկուստեք շեշտը պէտք է դնել համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման վրայ»:
Ասուլիսի աւարտին բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն: