Ուաշինկթընի մէջ յարգեցին Ցեղասպանութեան տարիներուն զոհուած հայ կանանց յիշատակը.տեսանիւթ

Ուաշինկթընի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն զոհուած կանանց յիշատակին

Մէջբերելով Սարոյեանի խօսքը` հաւաքուածները հնչեցուցին հայ հանճարի հանրայայտ խօսքերը․ – “կործանեցէ՛ք Հայաստանը, տեսէք` կը կարողանա՞ք: Քշեցէք տներից անապատ, մի՛ մոռացէք խլել ճամբի հացն ու ջրի վերջին ումպը, կրակի մատնեցէք նրանց տներն ու եկեղեցիները: Տեսէք դարձեալ` պիտի չապրե՞ն: Տեսէք ցեղը դարձեալ պիտի չյառնի՞, երբ նրանցից երկուսը հանդիպեն աշխարհի որեւէ մասում, ծիծաղեն ու աղօթեն իրենց մայրենի լեզուով, իրենց ստեղծած Նոր Հայաստանում”:

Իր ելոյթի մէջ Ալին Կիրակոսեան խօսեցաւ այն ծանրագոյն փորձութիւններու մասին, որուն մէջէն անցան հայ կանայք ցեղասպանութեան տարիներուն. –“կինը, որ կորսնցուցած էր ամուսինը, ծնողները, ստիպուած էր նաեւ սեփական զաւակները հորը նետել` որպէսզի անոնք չարժանանան տանջանքներու”:

Հաւաքուածներէն  ոմանք, չկարողանալով շարունակել հայ կանանց բաժին հասած փորձութիւններու թուարկումը, ստիպուած էին դադրեցնել իրենց ելոյթները:

Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Յովսէփ Կարապետեան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան բոլոր նահատակները պէտք է սրբադասուին Էջմիածնի մէջ այս տարի. – «մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մեր ժողովուրդի դէմ գործած բոլոր դաժանութիւնները եւ մենք անիկա կ’ընենք ոչ միայն զոհերու յիշատակը վառ պահելու համար, այլեւ որովհետեւ չենք ցանկար, որ նման դաժանութիւններ պատահին այլ ազգերի հետ”:

Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուածները զոհերու յիշատակը յարգեցին նաեւ աղօթքով:

Scroll Up