Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյլի Մէջ

Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ Մարտ 19-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս բացուած է «100 աքսորի դիմանկար. հայ փախստականներու ինքնութեան բացայայտումը» ցուցահանդէսը` Մարսէյլի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման` A.R.A.M կազմակերպութեան եւ Մարսէյլի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդեն Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Մարսէյլի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան Քլոտ Կոտենը, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, պատմութեան թանգարանի տնօրէն Լորան Վետրինը, քաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Մարսէյլ ժամանած Ցեղասպանութենէ փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թուով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, փախստականի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:
Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մշտապէս շատ կարեւոր եղած է մարսէյլահայութեան համար: 2015-ին յայտարարուած է Հայաստանի տարի Մարսէյլի մէջ, եւ ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի կայանան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչող բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ան կարեւորած է, որ Ֆրանսան պէտք է ընդունի օրէնք, որ թոյլ կու տայ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը:
Ֆրանսական «France 24» հեռուստաալիքը լուսաբանած է ցուցահանդէսի բացումը, իսկ «La Provence» օրաթերթի յաջորդ օրուան համարին մէջ «Ցեղասպանութենէն փրկուած 100 դիմանկարները կը պատմեն հայկական աքսորի մասին» վերնագիրով լայնածաւալ յօդուած մը տպագրուած է:
Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Սեպտեմբեր 26: