«100 Վայրկեան«. Նախագիծ` Հիմնուած Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Վկայութիւններուն Վրայ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումը չորս հիմնական սիւներու շուրջ տեղի կ՛ունենայ՝ յիշողութիւն, երախտագիտութիւն, միջազգային պայքար, վերածնունդ: «100 վայրկեան» նախագիծը մեծ ներդրում ունի յատկապէս յիշողութիւն բաժինին մէջ:
Կոմիտասի թանգարան հիմնարկին մէջ ներկայացնելով «100 վայրկեան» նախագիծի շնորհանդէսը` ըստ Tert.am-ի՝ այս մասին ըսած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Վիգէն Սարգսեան:
«Մեդիամաքս մետիա» ընկերութեան ու «Վիվասել-ՄԹՍ»-ի ղեկավարները ներկայացնելով նախագիծը` նշած են, որ անիկա հիմնուած է Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ, որոնք հրապարակուած են Հայաստանի ազգային արխիւին կողմէ: Աշխարհի կամ իրենց երկիրներու մէջ յայտնի մարդոց` գրողներուն, երաժիշտներուն, դերասաններուն, լրագրողներուն առաջարկուած է կարդալ 100 վայրկեան տեւողութեամբ հատուածներ այդ վկայութիւններէն:
Նախագիծի ծիրէն ներս պատրաստուած է 24 տեսահոլովակ, որոնք Մարտ 23-էն սկսած ամէն օր պիտի տեղադրուին համացանցին մէջ:
«Մեդիամաքս»-ի տնօրէն Արա Թադէւոսեանը ըսած է, որ նախագիծի գլխաւոր նպատակը մարդկութեան ուշադրութիւնը գրաւելն է այն սոսկալի տառապանքներուն վրայ, որոնք 100 տարի առաջ կրած են հայերը. «Այդ վկայութիւնները հեշտ չի կարդալ եւ լսել, սակայն որքան շատ մարդ ցնցուի լսածից, այդքան մեծ կը լինի հաւանականութիւնը, որ նրանք կանէն հնարաւոր ամէն ինչ` նոր ցեղասպանութիւններ թոյլ չտալու համար»:
«100 վայրկեան» նախագիծի գլխաւոր հովանաւոր «Վիվասել-ՄԹՍ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի խօսքերով` այս ծրագիրը ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն:
«Պատգամ ենք ուղարկում քաղաքակիրթ աշխարհին` ասելով, որ պէտք է յիշեն եւ դատապարտեն ցեղասպանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ նշում ենք, որ եթէ չդատապարտեն, ապա իրենք խրախուսում են ոճիրը»,-ըսած է Ռալֆ Եիրիկեանը:
Նախագիծին հեղինակները ըսին, որ անիկա ունի սկիզբ, բայց աւարտ չունի:
«Համացանցում դրա տեղադրումն ուղղակի կ’աւարտուի Ապրիլի 23-ին, սակայն միշտ բաց եւ հասանելի է բոլորի համար»,-ընդգծած է Արա Թադէւոսեանը: