Ապրիլ 23-ին բոլոր հայկական եկեղեցիներէն միայն Թուրքիոյ եկեղեցիներու զանգերը չեն ղօղանջեր

Ապրիլ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակման եւ ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներու զանգերը պիտի ղօղանջեն` ի յիշատակ ցեղասպանութեան
անմեղ զոհերուն:

Աւելի վաղ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին 2-րդը յայտարարած էր, որ Ապրիլ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման կարգ  տեղի պիտի ունենայ, քանի որ անոնք սպաննուեցին յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի: Աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիները այս յայտարարութենէն ետք որոշած են Ապրիլ 23-ին ժամը 19:15-ին 100 անգամ զանգ հնչեցնել:

ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ Պոլսոյ մէջ  հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներու զանգերը  այդ օրը չեն հնչեր: Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան յայտնած է, որ Ապրիլ 24-ին պատարագ պիտի մատուցուի, իսկ 23-ին որեւէ ձեռնարկ չի նախատեսուիր, զանգերն ալ Սթամպուլի մէջ  չեն ղօղանջեր:

Նոյն աղբիւրին համաձայն` Մարտ 22-ին պատրիարքի փոխանորդը Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ Տարտանելի (Կալիպոլի, Չանաքքալէ) ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ զոհուած հայ զինուորիներու հոգեհանգստեան պատարագ պիտի մատուցէ:

Scroll Up