Թրիփոլիի Հայ Համայնքին Վտանգ Չի Սպառնար. Բանակը Կը Վերահսկէ Իրավիճակը

Հարաւային Լիբանանի մէջ բանակը իր վերահսկողութիւնը տարածած  եւ գրաւած է  զինեալներու կեդրոնները: Այս մասին«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է  «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան քանտահարեան: «Ճանապարհփակելու մանր միջադէպեր եղած են Պէյրութի որոշ թաղամասերու մէջ, բայց ընդհանուր առմամբ վիճակը կայուն է: ԻսկԹրիփոլիի մէջ մենք նոր կապ հաստատեցինք տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք ըսին, որ այսօրաւելի հանգիստ է»,- ըսած է Քանտահարեան` աւելցնելով, որ զինեալներ չեն երեւիր եւ կրակոցներ չեն լսուիր: Անոր խօսքով`վաճառատուները վերաբացուած են. «Կը թուի, թէ կեանքը բնական հունի մէջ է»:
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող բախումներու հետեւանքով հայկական համայնքը չէ տուժած: Այնտեղ յունիս23-ի յետմիջօրէին Հարաւային Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ ստեղծուած էր պատերազմական իրավիճակ, երբիսլամական խմբաւորումներէն տարրեր յարձակած էին լիբանանեան բանակին վրայ. բանակը տուած էր զոհեր եւվիրաւորներ: Զինուած իսլամիստները յունիս 24-էն տուներու տանիքներէն դիպուկահար կրակ  բացած են Սայտայի`Լիբանանի հարաւային մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ: Պէյրութէն 40 քիլոմեթր դէպի հարաւ գտնուողնաւահանգստային քաղաքի կեանքը կազմալուծուած Է ռազմական գործողութիւններու պատճառով. խանութներուշարքերը դատարկուած են, փողոցներն ամայի են, քննութեան շրջանի ամենաեռուն պահին  տեղի համալսարանը փակ է:
Scroll Up