Հայոց ցեղասպանութեան 45 վերապրածներու պատմութիւնն ու լուսանկարները` մէկ գիրքի մէջ

Լուսանկարիչ Նազիկ Արմենակեան հանրութեան դատին կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու լուսանկարներու գիրք­ալպոմը:

Տարիներու աշխատանք կը պահանջէր, որպէսզի լուսանկարիչը հաւաքագրէ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող 45 վերապրածներու անձնական պատմութիւնները, լուսանկարչական սարքի միջոցով արձանագրէ սարսափի դրոշմը անոնց աչքերուն: 130­140 էջի սահմաններու մէջ նախատեսուող գիրքը կ’ըլլայ երկլեզու` հայերէն եւ անգլերէն: Այն կ’ըլլայ նկարազարդ` իւրաքաչիւր պատմութիւն կը զուգորդուի վերապրածի լուսանկարով, որ կ’արտացոլէ ժամանակի հետ հերոսի յարաբերութիւնը: Գիրքի նախաբանը կը հեղինակէ փիլիսոփա Մարք Նշանեան, լուսանկարներու խմբագիրը, ֆիլմագէտ Վիգէն Գալստեան: «Տարբեր շրջաններու մէջ ապրող վերապրածներու  այցելած եմ, գիւղեր կ’երթայի, կը պատահէր, որ եօթ գիւղ կ’երթայի ու մէկ ողջ չէր ըլլար: Ամբողջ ճանապարհին կու լայի:

Ամէն անգամ, երբ վերապրածներէն մէկուն  կորսնցնէի, անպատմելի ցաւ կը զգայի: Կը տխրէի ոչ թէ անոր համար, որ կը կորսնցնէի հերթական մարդուն, որուն պիտի նկարէի, այլ ինչպէս ինծի համար հարազատ մարդու»,­ «Արմէնփրէս»­ի հետ զրոյցին անկեղծացաւ լուսանկարիչը:

Երբ գտաւ առաջին վերապրածն ու նկարեց, չէր մտածեր, որ յետագային ականատեսներուն նկարելը պիտի դառնայ իր նախագիծը, որուն վրայ պիտի ներդնէ ոչ միայն ժամանակ ու այլ հնարաւորութիւններ, այլեւ մեծ յուզական ապրումներ: «Մէկ անգամ հասայ գիւղ, հասցէն գտայ, տան դիմաց կանգնած, կը սպասէի` կը մտածէի`
ինչպէս մտնեմ տուն, ինչ խօսիմ, մէյ մըն ալ ինքնաշարժ մը  կանգնեցաւ, դագաղ հանեցին: Ես խառնուեցայ, կը հարցնէի, թէ ով է մահացողը ու ըսին այդ կնոջ անուն ­ազգանունը, որուն կը փնտրէի: Գացի նստեցայ մեքենան, որ ետ վերադառնամ, շատ վատ կը զգայի, կու լայի: Շարժած էինք արդէն, բայց մտքէս  բան մը անցաւ ու վարորդին խնդրեցի, որ ետ դառնանք այդ կնոջ տուն: Ես հասկցայ, որ կարեւոր է ցոյց տալ, որ այդ մարդիկ կը մահանան,
այսինքն` անոնք յաւերժ չեն` չնայած 100 տարի ապրած ու դեռ կ’ապրին, որովհետեւ ըսելիք ունին:

Ես հասկցայ, որ այդքան տարի այդքան ըսելիք պահելով, լռութիւն պահելով, իրենք ինչ­ որ բանի կը սպասէին», ­փաստեց լուսանկարիչը: Ուշագրաւ է միւս պատմութիւնը, որ պատահած է լուսանկարիչին հետ ուրիշ վերապրածի մը փնտրելուն. «Գտայ  վերապրած մը, որ յիշողութիւնը կը կորսնցնէր անընդհատ: Հէնց ներս մտայ իրենց տուն, ըսաւ` ես գիտէի, որ դուն կու գաս, ես գիտէի: Ես խառնուած չէի գիտեր ինչ ըսեմ, կ’ըսէ` դուն այն ֆրանսացին ես, որ  փրկեցիր ինծի, նաւը նստեցուցիր, ձեռքերս համբուրելով, կ’ըսէ դուն ինքն ես, չէ: Կը նայիմ
տնեցիներուն, կը հասկնան, որ պէտք է  ըսեմ` այո: Կ’ըսեմ` հա, ես  եմ: Անընդհատ ձեռքերս կը համբուրէ ու կ’ըսէ` եթէ դուն  չփրկէիր ինծի, ես ողջ չէի մնար»: Նազիկ Արմենակեանի խօսքով` նախագիծին արդիւնքով ձեռք բերուած տեղեկատուութիւնը վկայութիւնն է ոչ միայն այդ մարդոց գոյութեան, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստին: «Եթէ այդ մարդիկ չփաստեն, որոնք իրենց մաշկին վրայ զգացած են, ուրիշ ալ ով պիտի փաստէ: Շարք մը կարեւորութիւններ առաջ եկան, ու ես հասկցայ, որ շատ կարեւոր աշխատանք կը կատարեմ, որ պէտք է համախմբել մէկ տեղի վրայ:

100­րդ տարելիցը շատ լաւ առիթ է ներկայացնելու գիրքը, քանի որ կան շատ պատմութիւններ, որոնք երբեք չեմ հրապարկած նկարներու հետ», ­նշեց Նազիկ Արմենակեան: Լուսանկարիչը, ներկայիս աշխատելով գիրքին վրայ, ունենալով բացառիկ պատմութիւններ, միեւնոյն ժամանակ կը նշէ, որ ժամանակին թոյլ  տուած է նաեւ բացթողումներ: «Ես կրնայի հէնց սկիզբէն իրենց ձայնագրել վիտէոներ ընել, որովհետեւ այն ձայնագրութիւններն ու լուսանկարները, որ ունիմ, եզակի են: Այդ մարդիկ այլեւս չկան, ալ չեն կրնար վկայել: Իրենք ալ  արխիւ դարձած են: Սկիզբը, երբ կը նկարէի, կը մտածէի, որ մարդու անցած ճանապարհը  ցոյց կու տամ` ցուցադրելով իր երիտասարդութիւնն ու այն, ինչ այդ պահուն էր: Բայց ժամանակի հետ հասկցայ ունեցած նիւթիս փաստավաւերագրական արժէքը: Ճիշդ է շատ դժուար էր, ամէն անգամ կարծես մահուան հետ կ’աշխատիս` հաշուի առնելով անոնց տարիքը, այն խոհերը, որ անոնք կը պատմեն քեզի, բայց ատոնք նաեւ մեծ ձեռքբերում են ինծի համար», ­շեշտեց Նազիկ Արմենակեան: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս կ’ապրի Հայոց ցեղասպանութեան 33 վերապրած:

«Արմէնփրէս» իր «Ականատեսը» յատուկ նախագիծով անդրադարձած է անոնցմէ 25­ի պատմութեան` հրապարակելով նիւթերը եւ լուսանկարչական հարուստ հաւաքածոյ:

 

Scroll Up