Իրանի ռատիօ-հեռուստատեսութեան հայերէն ժամի հաղորդումները աւելցած են մէկ ժամով

Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան ռատիօ-հեռուստատեսութեան հայերէն ռատիօ ժամի տնօրինութենէն կը տեղեկանանք, որ Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու միակ ռատիօ համարուող յիշեալ ձայնի հաղորդումները աւելցած է մէկ ժամով, կը գրէ norjugha.ir-ը:

Իրանի ռատիօ-հեռուստատեսութեան արտասահմանեան հաղորդումներու հայերէն ժամի Թեհրանի մէջ հեռարձակուող հաղորդումները, կարելի է լսել ամէն օր երեկոյեան ժամը 6:50-էն մինչեւ 7:50, իսկ իրանական Ամանորի (Նաուռուզ) առաջին կիսամեակէն, երեկոյեան ժամը 7:50-էն մինչեւ 8:50` Թեհրանի մէջ` FM-ալիքի 99,5 մէգահերց յաճախականութեամբ:

68-ամեայ ռատիոն կ’արտացոլէ Իրանի եւ աշխարհի լուրերը եւ իրանահայ համայնքի աշխատանքները: Երեքժամեայ եթեր արձակուող ռատիոյի երկու ժամը կը հաղորդուի Հայաստանի մէջ, իսկ մէկ ժամը լսելի է Թեհրանի մէջ:

Ռատիոյի համացանցային հասցէներն են` Armenian.irib.ir, Armeniaradio.am

էլ. հասցէն` Armeniaradio@irib.ir

Scroll Up