ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս
Մարտ 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Ռոնալտ Քիւրի եւ «Հայկական առեւտրային ցանցի» նախագահ Վահրամ Փիրճանեանի մամլոյ ասուլիսը` «Հայաստան-Գանատա տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները» թեմայով:
Ասուլիսի մասնակիցներուն ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարի մամլոյ քարտուղար Սէյրանուհի Գեղամեան:
Ոջունելով ներկաները` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի դեսպան Ճոն Ռոնալտ Քիւրին շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` այս բացառիկ հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար: Ան մասնաւորոպես նշեց. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ղեկավարել գանատացի գործարարներու այցը Հայաստան : Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին 14 գործարար, որոնք գործուն եւ կառուցողական հանդիպումներ ունեցան հայ գործընկերներու հետ»: Դեսպանը կարեւոր համարեց յատկապէս` գիւղատնտեսութեան, գիւղմթերքի արտադրութեան, տեղեկատուական եւ բարձր տեխնոլոկիաներու ոլորտի, հանքարդիւնաբերութեան զարգացման նպաստելու ծրագիրները: Պարոն Քիւրին բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայկական առեւտրային ցանցի» արդիւնաւէտ աշխատանքը հայկական սփիւռքի ներուժը համախմբելու գործին մէջ:
«Հայկական առեւտրային ցանցի» նախագահ պարոն Փիրճանեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայաստանեան հանդիպումներէն եւ աւելցուց. «Մենք չէինք սպասեր այսպիսի յաջողութիւն: Հիմք ընդունելով մեր հանդիպումները, կրնամ ըսել, որ Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծրագիրներ կ’իրականացուին»: Գանատահայ գործարարը նշեց, որ Մայիսին կրկին կը վերադառնան, Շուշիի մէջ կը գումարեն 4-րդ հաւաքը:
Կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակը Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումն է եւ սփիւռք-սփիւռք կապերու ամրապնդումը: Պարոն Փիրճանեան յոյս յայտնեց, որ հանդիպումները կը նպաստեն գործարար-հնարաւորութիւններու ընդլայնման ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ:
Այնուհետեւ լրագրողները հարցեր ուղղեցին դեսպանին եւ «Հայկական առեւտրային ցանցի» նախագահին` հայ-գանատական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ հաստատ ներդրումներու հեռանկարին, աշխատատեղեր ստեղծելուն, Հայաստանէն արտահանումը աւելցնելուն, հայ-գանատական առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն վերաբերեալ :
Նշենք, որ «Հայկական առեւտրային ցանց» («ՀԱՑ») հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու համահայկական ընկերակցութիւնը ստեղծուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութան նախաձեռնութեամբ, Գանատա-Հայաստան գործարարներու խորհուրդի եւ Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի աջակցութեամբ կազմակերպուած Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի (2011թ. Ապրիլ 30) երկօրեայ քննարկումներու արդիւնքով, հաստատուած է կանոնադրութիւնը, խորհուրդի կազմը, սահմանուած է անդամակցութեան կարգը: