Ապրիլին աշխարհով մէկ կը մեկնարկէ #AG արշաւը
Birthright Armenia ծրագիրը Ապրիլ 1ին համացանցի վրայ կը սկսի #AG արշաւը` բարձրաձայնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին մասին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ` արշաւի ծիրէն ներս աշխարհով մէկ
պիտի տարածուին «A & G» ժամանակաւոր դաճուածքներ եւ համացանցի վրայ #AG հաշթագով տեղեկատուութիւն` աշխարհին աւելի լայն թափով բարձրաձայնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Արշաւին միանալու համար օգտատէրերը պէտք է համացանցին վրայ տեղադրեն իրենց լուսանկարները` #AG, #AG1915 եւ #AG10 հաշթագներով: Արշաւը կը ծրագրուի աշխոյժ ձեւով իրականացնել Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի, Աւստրալիոյ, Քուէյթի, Իրանի, Թուրքիոյ մէջ: