Եւրոխորհրդարանականները յարգած են Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը
Եւրոխորհրդարանականները Երեւանի մէջ «Եւրոնեսթ» ԽՎ լիագումար նիստին յարգած են Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը: Նման առաջարկով հանդէս եկած է վեհաժողովի համանախագահ Պորիս Տարասիւկը:
«Վահան Յովհաննիսեան այն մարդն էր, որ իր լուման ներդրեց «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի կայացման գործին մէջ: Ան մասնագէտ, անկոտրում եւ ճկուն անձնաւորութիւն էր»,- յայտարարած է Տարասիւկը:
Յիշեցնենք, որ Վահան Յովհաննիսեան (1956 – 2014) երկար ժամանակ «Եւրոնեսթ»ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավարն էր: Ան ՀՅԴ կուսակցութեան փայլուն անձնաւորութիւն ունեցող առաջնորդներէն մէկն էր: 1999-2013թթ. եղած է ՀՀ խորհրդարանի պատգամաւոր: 2013թ. Դեկտեմբեր 28-ին Յովհաննիսեան նշանակուած էր Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան: