Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած կայքէջը այսօր կը սկսի գործել
Երկար նախապատրաստութենէ ետք այսօր հանրութեան կը ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած կայքէջը Յունաստանի մէջ։ «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեան այս նախաձեռնութեան նպատակն է յոյն հասարակութեան եւ երկրի ակադեմական, լրագրական շրջանակներուն ներկայացնել մարդկութեան դէմ գործուած 20րդ դարու ոճրագործութիւնը, որ 100 տարիներ ետք դեռ անպատիժ կը մնայ։
Կայքէջի նախապատրաստութիւնը սկսաւ երկու տարիներ առաջ, տուեալներու ու վաւերաթուղթերու կեդրոնացման աշխատանքով, ապա անոնց խմբաւորումով եւ վերջնական ձեւաւորումով։
Արդիական ու ճոխ բովանդակութեամբ կայքէջի ամէնէն ազդու կէտը՝ իր պարզութեան մէջ կը կայանայ։ Դիւրաւ հասկնալի, դիւրաւ օգտագործելի եւ ազդու ու տեղեկատուական կայքէջը տարբեր ենթաբաժիններ կը պարունակէ, ուր կը ներկայացուի Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը, կը բացատրուին պատմական պայմանները, տեղ կը տրուի անձնական վկայութիւններու, ժապաւէններու, գիրքերու, ինչպէս նաեւ բաժին մը տրամադրուած է Յունաստանի մէջ հայ գաղթականներու հաստատման առաջին տարիներու իրավիճակին ու կառոյցներու ստեղծման ու կայացման հանգրուաններուն։
Իւրաքանչիւր էջի վրայ կը գերիշխէ պատմական լուսանկար մը։ Յատուկ տեղ տրամադրուած է Ցեղասպանութեան տարիներու ընթացքին օրուայ մամուլէն քաղուած գծանկարներու, յունական-միջազգային եւ աւելի հին աֆիշներու, որ ժամանակին մեծ դեր խաղացին օտար հանրային կարծիքը ձեւաւորելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ու հայութեան պահանջատիրութիւնը ծանօթ դարձնելու գործին մէջ։ Ընդհանրապէս կայքէջին մէջ ներկայացուող բոլոր վաւերագիրներու ու լուսանկարներու ընտրութեան հիմնական ազդակը՝ անոնց ճշգրիտ ու անառարկելի վաւերականութիւնն էր։ Այլ բաժնով կը ներկայացուին օտար խորհրդարաններու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը, ուր իւրաքանչիւրին կից կարելի է կարդալ նաեւ բանաձեւի բնագիրը։
Կայքէջի նպատակն է առարկայական ու իրապաշտ ձեւով ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայութեան ճիգն ու հաւատքը՝ իր արդար պայքարի շարունակութեան մէջ։
Հայ ազգի արդի պատմութեան հանգրուաններու լաւ տիրապետումը՝ անհրաժեշտ նախապայման է պատմական ճշմարտութեան հաստատման մէջ, մանաւանդ երբ օտար հանրութեան առջեւ սադրիչ ձեւով կ’աշխատի հակահայ քարոզչական թրքական հսկայ մեքենայ մը։
Կայքէջին հասցէն է www.armeniangenocide100.gr
azator.gr