Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնի Դիմատետրի Էջը

Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի սուրիահայութեան կեդրոնական մարմինի տեղեկատուական մեքենան 17 մարտ 2015-ին հրապարակեց իր պաշտօնական էջը դիմատետրի (Facebook) վրայ:

Էջին ճամբով հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սուրիահայութեան մարմինի հրապարակած հաղորդագրութիւնները, տեղեկագիրները, ծրագիրները, նախաձեռնութիւններն ու այլ տեսակի հանդիպումներ:

Էջը կը բացատրէ` մարմինին առաքելութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ ճանաչումի աշխատանքները՝ Սուրիոյ բարձր բեմերէն արտայայտուած որոշումներ եւ հաղորդագրութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը եւ այլն:

Սուրիոյ պատերազմական այս ծանր վիճակին մէջ նոյնիսկ Սուրիահայութիւնը անխտիր կը ձեռնարկէ տարբեր տեսակի պահանջատիրական ձեռնարկներ:

Մեր տարածաշրջանը թէեւ յղի է եւ ենթակայ ռազմական եւ քաղաքական ամէն տեսակի զարգացումներու, այսուհանդերձ քաղաքական այս բարդ պայմաններուն մէջ անգամ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժանավայել նշումը առաջնակարգ նպատակ է մեր գաղութին համար, որպէս վկայարանը ջարդուողներու:

Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի սուրիահայութեան կեդրոնական մարմինի այս էջէն կը տեղեկանաք Սուրիոյ տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներու եւ անոնց մասին բոլոր տեսակի ծանուցումներն ու հանդիսութեանց տեղեկութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:

Scroll Up