Հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը վազքի մարաթօնին` ի նշան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/armenian-genocide-maraton.jpg)
ԱՄՆ Փասատենա քաղաքին մէջ բնակող հայ գործիչներ Սոնա Տանոյեան-Արաբեան ու Սագօ Տեֆթերեան եւս մէկ անգամ պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսի վազքի մարաթօնին: Կիրակի օրը տեղի ունենալիք ձեռնարկին հայ համայնքի ներկայացուցիչները պիտի մասնակցին «Մենք կը պահանջենք: Մենք կը յիշենք» կարգախօսով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Մարաթօնին պիտի մասնակցին աւելի քան 25.000 մասնակիցներ, որոնք պիտի անցնին 26.2 մղոն ճանապարհ, իսկ հանդիսատեսի քանակը, կ’ակնկալուի, որ հատէ մէկ միլիոնը: Տոնոյեան-Արաբեանն ու Տեֆթերեան կը մտածեն բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը` իրենց վերնաշապիկներուն վրայ կրելով հայկական եռագոյնը եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յատուկ ուղերձը,- կը յայտնէ Asbarez-ը:Ասիկա, ի հարկէ, միայն անհատական ջանքերու արդիւնք չէ. մարաթոնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է համայնքին մէջ, որ նաեւ ձեռնամուխ եղած է գործի իրականացման:
Հայկական երիտասարդական միութեան` Փասատենայի «Նիկոլ Դուման» կազմակերպութեան անդամները կիրակի օրը պիտի միանան մարզիկներուն եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Փասատենայի կազմակերպութեան սքաութներուն ` աջակցելու մարաթօնի մասնակիցներուն` ողջ երթուղիի ընթացքին ջուր եւ սառոյց մատակարարելով: Հայկական երիտասարդական միութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կամաւորները նաեւ կը ծրագրեն բուժկէտ բանալ վազքի երթուղիի 9-րդ մղոնին վրայ: Բուժկէտեր պիտի ըլլան Լոս Անճելըսի փոքր Հայաստան թաղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ երթուղիի այլ հատուածներուն մէջ:
Տոնոյեան-Արաբեանն ու Տեֆթերեան պիտի մասնակցին նաեւ Ապրիլ 12-ին Փարիզի մէջ կայանալիք վազքի մարաթօնին, որուն առիթով հայցած են Ֆրանսայի Նոր սերունդ Հայ երիտասարդական միութեան օգնութիւնը`
ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը բաձրացնելու նպատակով: