Նորարարութեան Ճամբար Ծաղկաձորի Մէջ Նորարական Գաղափարներ Ունեցող Երիտասարդներու Համար

Օգոստոս 1-10 Տեղեկատուութեան տեխնոլոկիաներու ձեռնարկութիւններու միութիւնը առաջին անգամ պիտի կազմակերպէ Նորարարութեան Ճամբար Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ:
Ձեռնարկին նպատակն է գտնել նորարար գաղափարներ ունեցող երիտասարդներ եւ կեանքի կոչել անոնց գաղափարները:
Կը հրաւիրուին մասնակցելու նաեւ Սփիւռքի երիտասարդները: Լաւագոյն գաղափարներու հեղինակները հնարաւորութիւն կ’ունենան մասնակցելու իրենց գործին զարգացման նպաստող շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ` DigiTec ամենամեայ ցուցահանդէսին: Լաւագոյն գաղափարներու հեղինակները կը ստանան դրամական պարգեւներ:
Ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ 18-30 տարիքային խումբի անձիք, որոնք ունին նորարար գաղափարներ: Ճամբար կը հրաւիրուին ոլորտի յառաջատար մասնագէտներ` մասնակիցներուն սեփական փորձը փոխանցելու նպատակով:
Գրանցուելու համար հարկաւոր է`
Լրացնել մասնակցութեան յայտը (application form) եւ ուղարկել զայն camp@uite.org էլ.հասցէին:
Գրանցումը բաց է մինչեւ 2013թ. յուլիս 22, ժամը 17:00: