«100 դուռ». Իւրայատուկ ուխտագնացութիւն` դէպի հայկական եկեղեցիներ

Ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն զոհուած հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, բեմադրիչ Խաչիկ Եղոյեան նախաձեռնած է եւ կ’իրականացնէ «100 դուռ» լուսանկարչական նախագիծը:

Panorama.am-ի հետ զրոյցին բեմադրիչը ըսաւ, որ նախագիծի ծիրէն ներս պիտի նկարեն հայկական 100 եկեղեցւոյ դուռ:

«Նախագիծի աւարտէն ետք պիտի կազմակերպենք ցուցահանդէս` ներկայացնելով լուսանկարները: Հետաքրքիր ուխտագնացութիւն կը համարուի: Վստահ ենք, որ այցելուները ոչ միայն ուղղակի լուսանկարները դիտելու պիտի գան, այլ նաեւ մեծամասնութիւնը այդ եկեղեցիներու շեմով անցնելով` աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած: Մեր նպատակը հէնց ատիկա է` ազգովին աղօթել, որ  օր մը մեր արդարութիւնը յաղթէ, հարեւան պետութիւնը իր պապերու կողմէ կատարուած ոճրագործութիւնը ընդունի, ներողութիւն խնդրէ ու նաեւ հատուցէ»,- ըսաւ նախագիծի հեղինակը:

Խ. Եղոյեան նշեց, որ նման նախագիծ ընելու գաղափարը ծագած է դեռ 2012 թուականին, 2013-ին քննարկուած է, իսկ 2014 թուականէն լուսանկարիչ Ռուբէն Մարտիրոսեանի հետ սկսած են ատոր իրականացումը: Արդէն լուսանկարած են 80 եկեղեցի: Յառաջիկային դեռ 20 եկեղեցի ալ կայ, ինչպէս նաեւ Արցախի, Ջաւախքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

«Ցաւօք, Նախիջեւան չենք կրնար հասնիլ: Նման տարածք  ընտրած ենք` ցանկալով ներկայացնել մեր պապերու երազած, պապերու ունեցած, բայց  օր մը կորսնցուցած, այնուհետեւ որոշ մաս մը ազատագրած մեր Հայաստանը»,- ըսաւ ան:

Եկեղեցիներու դռները լուսանկարելէ բացի, բեմադրիչ Խ. Եղոյեանն ու լուսանկարիչ Ռ. Մարտիրոսեան իրականացուցած են ֆլեշմոպ` «Մեր վէրքերը դեռ բաց են» գրուածքով շապիկներով լուսանկարահանած իրենց մտերիմները: Խ. Եղոյեան ըսաւ, որ արձագանքը բուռն եղաւ, շատերը ցանկացան մասնակցիլ ֆլեշմոպին. «սակայն յայտնուեցան խաբեբաներ, որոնք օգտուելով առիթէն, սկսան իրենք ալ նոյն կարգախօսով շապիկներ արտադրել ու վաճառել` վերագրելով իրենց: Մենք ալ ստիպուած անոնց դէմ առնելու համար որոշեցինք վաճառել վերնաշապիկները ինքնարժէքով` 2400 դրամ»:

Scroll Up