Թուրք պատգամաւորին կարծիքով Թուրքիան կրնայ հարկադրաբար փոխհատուցում վճարել հայերուն
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ –CHP) Ատանայի պատգամաւոր Օսման Ֆարուք Լողօղլուն յայտարարած է, որ հայկական լոպին զօրացուցած է ԱՄՆ քոնկրէսին մէջ ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշման ընդունման ուղղուած աշխատանքները, եւ Թուրքիան այս առումով յայտնուած է անզօր վիճակի մէջ, կը յայտնէ Ermenihaber-ը:
Ըստ թրքական «5kitahaber.com» լրատուական կայքի` ԺՀԿ պատգամաւորը ընդգծած է, որ հայկական եւ յունական լոպիստական ուժերը ԱՄՆ-ի մէջ կը գործեն Թուրքիոյ դէմ: Ատոր արդիւնքով Ապրիլ 24-ի նախաշեմին ինչ-որ հայամէտ որոշումով մը Ուաշինկթըն կրնայ վատ դրութեան մէջ ձգել Թուրքիոյ:
Լողօղլուն, յիշեցնելով, թէ ժամանակին ինչպէս ԱԱՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթոն վերջին պահուն հեռախօսազանգով միջամտած եւ կանխած է Քոնկրէսի մէջ Թուրքիոյ դէմ բանաձեւի ընդունումը, շեշտած է, որ երբեք հնարաւոր չէ կանխատեսել ԱՄՆ-ի յետագայ քայլերը:
«Եթէ Ապրիլ 24-էն առաջ ԱՄՆ-ի նախագահ Օպաման օգտագործէ «Մենք կը ճանչնանք ցեղասպանութիւնը» արտայայտութիւնը կամ քոնկրէսին մէջ որեւէ նմանատիպ բանաձեւ ընդունուի, այդ պարագային կը փոխուին նաեւ ԱՄՆ-ի դատարաններու դիրքորոշումը: Միացեալ նահանգներու դատաւորները կը հետեւին նախագահի
պահուածքին եւ քոնկրէսի որոշումներուն: Անոնք անմիջապէս կը բաւարարեն հայերու ներկայացուցած հայցերը: Թուրքիան ստիպուած կ’ըլլայ շատ մեծ փոխհատուցում վճարել, եւ հայերը կը տիրանան ԱՄՆ-ի մէջ առկայ Թուրքիոյ ունեցուածքին: Վիճակը շատ աւելի ճգնաժամային է, քան կը թուի»:
Լողօղլուն ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիոյ դէմ գործող յունական եւ հայկական լոպիներուն միացած է նաեւ հրէականը, մինչդեռ վերջինս անցեալին աւելի շատ թրքամէտ գործունէութիւն կը ծաւալէր: Ըստ պատգամաւորի` հրէական լոպիի դիրքորոշման փոփոխութիւնը լիովին հետեւանք է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ -AKP) վարած
քաղաքականութեան: