Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Վարշաւայի մէջ
Մարտ 13-ին Վարշաւայի կաթոլիկ տեղեկատուական գործակալութեան մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ասուլիսի բանախօսներն էին Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էտկար Ղազարեան, Լեհաստանի Սենատի պատգամաւոր, Լեհաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լուքաշ Աբգարովիչը, Լեհաստանի կառավարութեան եւ Ազգային ու ցեղային փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովին մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Միեր-Ենտժէյովիչը, Լեհահայոց մշակութային ժառանգութեան հիմնադրամի փոխնախագահ Արմէն Արտուիխտը: Ասուլիսը կը վարէր կաթոլիկ տեղեկատուական գործակալութեան պատասխանատու Քրիշտոֆ Թոմաշիկը:
Իր ելոյթին մէջ դեսպան Ղազարեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդին եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Դեսպանը առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լեհաստանին` 2005թ. Սէյմի յատուկ բանաձեւով Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու վերաբերեալ:
Ծերակուտական Լուքաշ Աբգարովիչ նոյնպէս իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ 2005թ. Լեհաստանի Սէյմի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ընդունման բանաձեւին` կարեւոր համարելով ատոր նշանակութիւնը պատմական արդարութեան վերականգնման եւ այդ հարցին մէջ Լեհաստանի մասնակցութեան առումով:
ԼՀ կառավարութեան եւ Ազգային ու ցեղային փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովին հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Միեր-Ենդժէյովիչ եւ Լեհահայոց մշակութային ժառանգութեան հիմնադրամի փոխնախագահ Արմէն Արտուիխտն անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս կազմակերպուող տարաբնոյթ ձեռնարկներուն:
Ասուլիսէն ետք դեսպան Ղազարեան հարցազրոյցներ տուաւ Լեհաստանի Հանրային ձայնասփիւռին եւ լեհական հեղինակաւոր «Ռեչպոսպոլիտա» թերթին:
Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ԱԳՆ-էն: