Հայաստանի անցեալն ու ներկան` Ֆրանսայի մէջ կայացած ցուցահանդէսներուն

Օրերս Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի Միգազգային տան սրահին մէջ բացուեցաւ երկու ցուցահանդէս, այս մասին Ֆրանսայէն «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Լենա Քոչարեան: Առաջինը կը կրէր «Reconstitution d’un IntérieurArménien» (Հայկական բնակարանի  ներքին վերակառուցումը) անուանումը, որուն նպատակն էր ներկայացնել 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող ազնուական ընտանիքի տան սարքաւորումը:

Երկրորդ ցուցահանդէսը կը կրէր «Regard sur l’Armenie» (Հայեացք առ Հայաստան) անուանումը, ուր  ներկայացուած էին հայկական գործիքներ, Հայաստանի տարբեր շրջաններու տարազներ եւ լուսանկարներ` նկարուած ֆրանսացի ֆոթոլուսանկարիչի կողմէ: Լուսանկարներու միջոցով, որոնք նկարուած են  լուսանկարիչի Հայաստան կատարած այցի ժամանակ, կը տեսնենք Հայաստանը ֆրանսացիի աչքերով:

գ4 գ3 գ2 գ1 գ

Scroll Up