Իրանի խորհրդարանին մէջ իրանահայ պատգամաւորները կը պատրաստուին նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագիրներու ծիրին մէջ, Իրանի իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայ զոյգ պատգամաւորներ` դոկտոր Կարէն Խանլարեան եւ պրն. Ռոպերթ Բեգլարեան, Ապրիլին Վեհաժողովին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող միջնորդութիւն պիտի ներկայացնեն:
Նոյն առիթով ասորի պատգամաւոր Էոունաթան Պեթքոլիան ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող ելոյթ կը նախապատրաստէ: Բացի այդ, 100 նամակ ուղարկուած է իրանցի պատգամաւորներուն` բարձրացնելու Ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ իրազեկութիւնը:
Աւելի ուշ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ կը նախատեսուին, իսկ Ապրիլ 24-ին Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամները պաշտօնական այցով պիտի ժամանեն Երեւան:
Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ norjugha.ir կայք-էջէն: