Զարաքօլու եւ Ազչամ Փարիզի Մէջ Պիտի Մասնակցին Հայկական Հարցին Ձօնուած Գիտաժողովի
Փարիզի մէջ, Մարտի 25-28-ին տեղի պիտի ունենայ հայկական հարցին վերաբերեալ գիտաժողով մը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օ լանտի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին համաշխարհային պատե րազմի ժամանակ. 1915- 2015 հետազօտութեան հա րիւր տարի» խորագրուած է այս գիտաժողովը, որու շրջագծով նախատեսուած աշխատանքը պիտի տեւէ չորս օր։ Այս մասին կը յայտնէ “Ժամանակ” օրաթերթը։
Սորպոնի համալսարանի երդիքին տակ պիտի կատարուի գիտաժողովի բացումը, որուն ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտի պատգամը պիտի փոխանցէ Ֆրանսայի ազգային կրթութեան նախարարը։ Յաջորդելիք քննարկումները նախատեսուած են զանազան վայրերու մէջ. օրինակ՝ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը, Փարիզի Հրէից ցեղասպանութեան թանգարանը եւայլն։ Ծրագրին շրջագծով ելոյթներ պիտի ունենան բազմաթիւ պատմաբաններ, մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտաժողովին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Ռակըփ Զարաքօլու եւ Թանէր Աքչամ. անուններ, որոնք ծանօթ են իրենց այլընտրանքային մօտեցումներով հայկական հարցին շուրջ։ Ծրագրին ներգրաւուած են նաեւ այլ թուրք գիտնականներ։