Կուլպէնկեան հիմնադրամի կրթաթոշակառուն Կուանճոուի հայկական համայնքին մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Չինաստան-1024x764.jpg)
2015թ. Փետրուարին Կուանճոուի հայկական համայնքը հիւրընկալեց Կուլպէնկեան հիմնադրամի կողմէ յայտարարուած կրթաթոշակային մրցոյթին յաղթած Սի Եանգը, որ կ’ուսանի Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ասպիրանտի համար եւ պիտի ուսումնասիրէ Չինաստանի հայկական համայնքի պատմութիւնը:
Կուանճոուի հայկական համայնքի անդամները Սի Եանգին ներկայացուցին համայնքի առօրեան, պատմեցին համայնքային ձեռնարկներուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեցին Չինաստանի հայկական համայնքի ուսումնասիրման գործին մէջ:
Միհրան Փափազեան