Փարիզ. «Մեծ Բազար»-ի համերգը

Յունիս 14-ին, Այգ Փոթուգեանի կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի կ՚ունենար «Մեծ Բազար» խումբին համերգը:

Նախ քանի մը խօսք հայկական երաժշտական բեմին վրայ նորեկ այս անունին մասին: «Մեծ Բազար» կազմուած է տարի մը առաջ: Անոր կորիզը կը կազմեն տասնեակ մը երիտասարդներ, մեծամասնութեամբ՝ Հայեր եւ Թուրքեր, բայց նաեւ Քիւրտեր եւ Ֆրանսացիներ: «Մեծ Բազար»ը կազմուած է նախ եւ առաջ ընկերային եւ երաժշտական հիմքերու վրայ։ Անոնք՝ գրեթէ բոլորն ալ ուրոյն պայքարներ ունեցող ազգերու անդամներ են, կը յարգեն, կը զօրակցին մէկը միւսին պայքարին, սակայն, առանց երբեք պատմական ճշմարտութիւնները մոռնալու:

Վերադառնանք համերգին:

Երաժշտասէրներու բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը: Իսկ բեմին վրայ տեղ գրաւած էր մեծամասնութեամբ աղջիկներէ բաղկացած խումբը: Գեղեցիկ ձայներուն կ՚ընկերանային գերակշռօրէն հարուածային նուագարաններ, ապա նաեւ՝ թաւջութակ, ջութակ, մանտոլին, ձեռնադաշնակ եւ շուի:

Մեղեդիներով, երգերով, պարեղանակներով երազային պտոյտը սկսած էր… Թրակիայէն Սեւ Ծով, հոնկէ Անադոլիա, մինչեւ Կովկաս, Իրան…: Ընդմիջումներուն, Շուշան Քերովբեան, Սեւանա Չագրեան եւ Սերրա Թորուն կը ներկայացնէին երգերը, երաժշտութիւնը եւ կու տային անոնց առընչուող տեղեկութիւններ, զգացական թէ քաղաքական ենթախորքով: Այսպէս յայտագրին մէջ կը տողանցէին թրակիական երգ-երաժշտութիւն, հայկական ժողովրդական երգեր, Սայեաթ-Նովա, անադոլեան պարեղանակներ, քրտական, սեւծովեան, կովկասեան երգեր, ռաբիզ, ինչպէս նաեւ արաբական եւ պարսկական երգեր…

Մերթ հեզ եւ յուզիչ, մերթ զուարթ ու խանդավառ այս շրջապտոյտը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Լրացնելու համար «պակաս»ը՝ աւարտեցին պարով:

Համերգի վերջաւորութեան՝ Շուշան Քերովբեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն եւ յայտնեց իրենց զօրակցութիւնը հոն տարուող պայքարին:

Թ. Շ.

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up