Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան նշանակուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Հարաւային Ֆրանսայի

Ընդառաջելով Ֆրանսայի թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի եւ Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդական փոխանորդութեան յանձնախումբի դիմումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ 2013 Յունիս 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան նշանակուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Հարաւային Ֆրանսայի։

Յունիս 13ին պաշտօնական հանդիսութեամբ Հայր Մեսրոպ ստանձնեց իր նոր պաշտօնը։ Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած երեկոյեան ժամերգութեան եւ ապա եկեղեցւոյ «Արծրունի Ջրբաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, Մարսիլիոյ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, Մարսիլիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, քոյր եկեղեցիներու եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ հարաւային Ֆրանսայի ծուխերու հոգեւոր հովիւներ, թեմական եւ ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ռոպէր Ազիլազեան, Ծխական Խորհուրդի եւ ներկաներու անունով բարի գալուստ մաղթելով Հայր Սուրբին։

Սրբազան Հայրը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը իր նոր պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց իր դժուարին բայց քաղցր ծառայութեան մէջ։ Ան ներկայացուց Հայր Սուրբի կենսագրականը եւ վարած զանազան պաշտօնները։

Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի անունով ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Կարապետ Սայապալեանը։

Ապա նորանշանակ Առաջնորդական Փոխանորդը իր հերթին շնորհակալութեան խօսք յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ այս պատասխանատու եւ կարեւոր պաշտօնը իրեն վստահելու համար եւ խնդրեց ներկաներու աղօթքը, որպէսզի Աստուծոյ օգնականութեամբ եւ հաւատացեալ հայորդիներու աջակցութեամբ կարենայ նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ իրականացնել իր առաքելութիւնը։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Պահպանիչ աղօթքով, որուն յաջորդեց Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը։

Հայր Սուրբը իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Յունիս 16ին։ Ներկայ էին Թեմակալ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, Տ. Տարօն Եպիսկ. Ճէրէճեան եւ Տ. Վարդավառ Քհնյ. Գասպարեան։ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արամ Քհնյ. Ղազարեան կը սպասարկէր պատարագիչ Հայր Սուրբին։

Պատարագի ընթացքին, Տէրունական աղօթքէն առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժողովուրդին ներկայացուց փոխանորդ Հայր Սուրբը եւ հրաւիրեց որ իր անդրանիկ պատգամը տայ։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեան կարեւորութեան հովուական ծառայութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Հիմնուելով աւետարանական յայտնութեան վրայ (Յովհաննէս 3։8) Ս. Հոգիի ներգործութիւնը համեմատեց հովին հետ, որ իբրեւ փոթորիկ կ՚աւերէ հաւատացեալի ճամբուն վրայ չարի կողմէ յարուցուած իւրաքանչիւր խոչընդոտ։ Ապա իբրեւ մեղմ զեփիւռ կը մաքրէ բոլոր մեղքի աղտեղութիւններէն եւ հուսկ որպէս զօրաւոր քամի ուժ կու տայ եւ կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւրի փրկութեան նաւակը դէպի երկնքի արքայութեան խաղաղ նաւահանգիստ։ Քարոզի աւարտին Հայր Սուրբը հայցեց հաւատացեալներու աղօթքը եւ Ս. Հոգւոյ զօրակցութիւնը իր առաքելութեան համար եւ անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անձնուիրաբար ծառայելու Ֆրանսայի հարաւային շրջանի հայ համայնքին, յանուն Աստուծոյ փառքի եւ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի։

Պատարագի աւարտին հաւատացեալները մօտեցան աջահամբոյրի, շնորհաւորելով Հայր Սուրբը իր նոր պաշտօնին համար։

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up