Հոլանտայի Ազդեցիկ Կուսակցութիւններէն Մէկուն Առաջնորդը Թագաւորին Եւ Վարչապետին Խորհուրդ Տուած Է Այցելել Ծիծեռնակաբերդ
Ազգայնական, հակաիսլամիստական հայեացքներով նկատուող Ազատութիւն (PVV) կուսակցութեան առաջնորդ Կերտ Վիլտերս, որ քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ’ սկսած 1997 թուականէն եւ յայտնի է կտրուկ գործելաոճով, օրերս այցելած է Ալմելոյի հայ համայնք եւ այցելած Եւրոպայի մէջ ամենամեծ Հայոց
ցեղասպանութեան յուշհամալիր ծաղկեպսակ դրած’ յարգելով անմեղ զոհերու յիշատակը:
Քաղաքական այս գործիչը’ ինչպէս կը տեղեկացնէ nos.nl հոլանտական հեռուստակայանը, աւելի ուշ դիմած է Հոլանտայի վարչապետ Ռութէին եւ թագաւոր Վիլհէմ Ալեքսանտրին’ Ապրիլ 24-ին Հայաստան այցելելու, յարգելու համար 1915 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, այս մասին կը յայտնէ Նիտերլանտական օրագիրը: