Հայ երիտասարդը “կարմիրով” պատեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը (տեսանիւթ)
Փարիզի մէջ ընթացող «թուրքիա եւ Եւրոպա. Ֆրանսան եւ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկութիւնը, բարդութիւններն ու վտանգները” կլոր սեղանի ժամանակ, որուն ներկայ էին ֆրանսացի եւ թուրք ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներ, թրքական լոբբիի անդամներ, Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հակի Աքիլի ելոյթի ժամանակ ՀՅԴ “նոր սերունդ” երիտասարդական կազմակերպութեան անդամներէն մէկը նուռի հիւթ լեցուցած է դեսպանի վրայ: Երիտասարդը ձերբակալուած է: Անոր դէմ արդէն բողոք ներկայացուած է: