Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 1 մարտ 2015-ին, Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին:
Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին: Յընթացս Ս. պատարագին սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցաւ անզէն հայորդիներու բնաջնջում, ունեցուածքի թալան եւ ոչնչացում, թէ ինչպէ՛ս երեք օրուան ընթացքին զոհ գացին անմեղ հայեր, իսկ հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տունն ու տեղը:
Սրբազան հայրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական բարբարոսութիւնները եւ յայտնեց, որ 27 տարի առաջ կատարուած եղեռնագործութիւնը ցարդ քաղաքական գնահատական ստացած չէ ու մնացած է անպատիժ, միւս կողմէ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս Սումկայիթի իրադարձութիւնները նպաստեցին հայութեան գիտակցութեան, եւ եթէ արցախեան պահանջատիրութիւնն ու ինքնապաշտպանական կռիւները չկազմակերպուէին, գուցէ նոյն ցաւոտ ճակատագիրին ենթարկուէր նաեւ արցախահայութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ պէտք է ամէն գնով դատապարտել ոճիրը եւ միաժամանակ սատար կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին` միասին շարունակելու համար գոյատեւման պայքարն ու բարգաւաճման ուղին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, ապա` զետեղուեցան ծաղկեպսակներ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով:
Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 1988-ին տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն, դէպքերուն եւ անմարդկային արարքներուն վրայ, որոնք իրագործուեցան ազրպէյճանցիներուն կողմէ: Դեսպան Քոչարեան նշեց կարեւորութիւնը արցախեան շարժումին, որուն շնորհիւ հայութիւնը դարձաւ միասնակամ ու յաջողեցաւ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն, հողը պաշտպանեց իր արիւնով եւ դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան:
Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ պաշտպանելու գոյութեան իր իրաւունքը, պաշտպանելու իր արժէքները, իր եկեղեցիներն ու խաչքարերը: Լեռնային Ղարաբաղը կայացած պետութիւն է, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը զարգացնէ իր տնտեսութիւնն ու մշակոյթը, կը պաշտպանէ խաղաղութիւնը:
Դեսպան Քոչարեան անդրադարձաւ, որ 2015 թուականը յոյժ կարեւոր եւ խորհրդանշական տարի է հայութեան համար, որովհետեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ազգը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, ապա ըսաւ, որ ազգովին կը պատրաստուինք նշելու կեանքի յաղթանակը մահուան նկատմամբ` ընդգծելով վերապրելու, վերածնելու եւ ազատագրուելու այն հերոսական ու փառահեղ ուղին, որմէ անցեր է մեր ժողովուրդը: Ապա ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «27 տարի ետք մեր գլուխը կը խոնարհեցնենք սումկայիթեան անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ` համոզուելով, որ հայերուն նկատմամբ կատարուած եղեռնագործութիւնները պիտի դատապարտուին ամբողջ մարդկութեան կողմէ: Կը գիտակցինք, որ միայն մեր միասնական կամքով ու հաւաքական ուժով կրնանք հզօրացնել մեր հայրենիքը եւ ապահովել մեր բոլոր իղձերուն եւ ծրագիրներուն իրականացումը»:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Ան նկատել տուաւ, որ Սումկայիթի վայրագութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ հայը չի կրնար երբեք հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ դրացի թրքական ժողովուրդներուն հետ, քանի որ նման հաւաքականութիւններու մօտ տիրական է հայատեացութիւնը եւ անմարդկային մօտեցումը:
Ան շեշտեց, որ սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը մանրապատկերն է Հայոց ցեղասպանութեան, ժամանակն ու միջավայրը տարբեր են, բայց բնաջնջելու մղումն ու անոր ետին կանգնած պետական ամբողջ քաղաքականութիւնը կը մնան նոյնը:
Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Սումկայիթի ջարդը եկաւ կերպարանափոխելու արցախեան ազատագրական պայքարին բնոյթը, որովհետեւ Սումկայիթը թափ տուաւ ազատագրական պայքարին` վերականգնելու համար պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ հատուածին` Արցախի հայկականութիւնը:
Ումուտեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կը պահանջենք, որ միջազգային ընտանիքը իրաւական գնահատական տայ եւ դատապարտէ Սումկայիթի եղեռնագործութեան ետին կանգնած Պաքուի իշխանութիւնները»:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք»-ով:
aztagdaily.com