Սամիր Ալֆիլ «Կը ցանկամ որ անիրաւուածը իր արդար իրաւունքը գտնէ, քանի որ այս ոճիրը վաւերագրուած իրականութիւն մըն է»

«Մաքալաթի» արաբական կայքէջին մէջ լրագրող Աթա Տարղամ, հարցազրոյց մը ունեցած է եգիպտացի արաբ լրագրող Սամիր Ալֆիլին հետ Հայ դատի շուրջ:

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը հայերուն մասին, եւ արդեօ՞ք ունիք հայ ընկերներ:

Անկեղծ ըլլալու համար հայ ընկերներ չունիմ բացի սուրիահայ հայուհի մը, որուն հետ միտքեր կը փոխանակենք եւ կը յարգեմ անոր շատ:  Ես գիտեմ, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ մասնակցած են մշակոյթի զարգացման բոլոր ոլորտներուն մէջ, ընթերցանութիւններէս տեղեակ եմ Եգիպտոսի Մուհամմատ Ալի փաշան ինչպէս հայերուն ներգրաւեց նոր պետութեան զարգացման գործին մէջ, որոնցմէ հռչակաւորչ Նուպար փաշան  (վարչապետ), եւ ժամանակի ընացքին բոլոր հայերը ընդելուզուեցան Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ.

Կը կարծէք արդեօ՞ք , որ Թուրքիան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը.

Իմ կարծիքով, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն չունի ճանչնալու զայն, քանի որ ատոր պիտի յաջորդէ միջազգային դաապարտման եւ հատուցման հարցերը:  Որուն ան պատրաստ չէ ներկայիս:

Իսկ ե՞րբ կը կարծէք , որ Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Երկար ժամանակ պիտի առնէ այդ մինչեւ, որ գայ նոր կառավարութիւն, եւ ընդունի այդ իրագործուած սխալները մարդկութեան դէմ.

Իսկ ինչպէս կը վերաբերիք հայոց բնաջնջման հարցին հետ:

Քանի որ քաղաքական հարցերով չեմ զբաղիր, ուրեմն պիտի ներկայացնեմ զայն պատմուածքներու միջոցով:

Ինչ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, եւ ինչ հոգեբանական ազդեցութիւն ունի ձեր վրայ:

Միայն վերջերս ուսումնասիրած եմ այս հարցը, ամէն տեսակի ցեղասպանութիւն մարդկային խիղճը կը մերժէ այն, ես կը կարծեմ ոեւէ գրողի խիղճի պարտքն է կանգնիլ այսպիսի  սարսափելի վարքագիծի դէմ.

Ինչ կը ցանկաք հայ դատին 100-րդ տարելիցին առիթով:

Կը ցանկամ որ անիրաւուածը իր արդար իրաւունքը գտնէ, քանի որ այս ոճիրը վաւերագրուած իրականութիւն մըն է:  Նոյնը կը ցանկամ Պաղեստինի անիրաւուած ժողովուրդին, որոնք եւս վտարման եւ մեկուսացման ենթարկուեցան, մէկ խօսքով ես կողմնակից եմ ամէն տեղ անիրաւուած մարդկութեան առանց կրօնի, ցեղի հպատակութեան եւ գոյնի խտրականութեան, այս է իմ կեանքիս սկզբունքը , որ ընթերցողը բացայայտ կը նկատէ պատմուածքներուս մէջ, որոնցմէ մաս մը թարգմանուած են անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի:

Scroll Up