«Տրապիզոնի Անմահը» կը վերահրատարակուի Ֆրանսայի մէջ

Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան կը ներկայացնէ Փոլ Հանրի Պորտոյի 262 էջերէ բաղկացած «Տրապիզոնի անմահը» գիրքը, որուն նախաբանը գրած է Թալին տէր Մինասեանը։

«Հերոսական ալիքը, որ ոտքի կանգնեցուց մեր Կովկասը», «Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ, Քեռի», «Վան, հերոսական քաղաքը»… երիտասարդ 20-ամեայ Փոլ Հանրի Պորտօ ինչպէ՞ս այսքան ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունեցաւ 1915-ի տարիներու Օսմանեան կայսրութեան եւ Կովկասի մասին։ Ան հազիւ 18 տարեկան էր, երբ իր գրող եւ ակադեմական հօր՝ Հանրի Պորտոյի հետ կը մեկնի ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Մերձաւոր Արեւելք։ Այս ճամբորդութիւնը մեծապէս կը տպաւորէ զինք։ Ան այդտեղ կը ծանօթանայ Անթառամին, որուն վրայ հիմնուած է Պորտոյի վէպի հերոսի տիպարը, որուն կենսագրութեան ներկայացումը առիթը կը ծառայէ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութեանց եւ անկախ Հայաստանի կազմութեան ներկայացման։

Վէպը առաջին հերթին իբրեւ թերթօն կը հրատարակուի «Լը Ֆիկարօ»-ի մէջ, ապա 1930-ին կը հրատարակուի «Ալպան Միշել»-ի կողմէ։
Իսկ թէ վէպը ինչո՞ւ այսօր կը վերահրատարակուի։ Պատմաբան Թալին տէր Մինասեան նախաբանին մէջ հարկ եղած բացատրութիւնը կու տայ։

Հեղինակին անձնական արխիւները (օրինակի համար նամակները) աչքէ անցնելը վէպի ծննդոցին մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ։ Կ՚իմանանք, որ Փոլ Հանրի Պորտօ ծանօթ էր Արշակ Չոպանեանին, որ անոր տրամադրած է ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերաբերեալ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը։

Թալին տէր Մինասեան կ՚ընդգծէ նաեւ պատմական արժէքը այս լաւապէս փաստագրուած վէպին՝ որ այնքան հարուստ է, որ շարք մը նիւթեր, որ կը կարծենք թէ այսօր կը յայտնաբերենք, ինչպէս իսլամացած հայերը, արդէն արծարծուած են այս վէպին մէջ։

horizonweekly.ca

Scroll Up