Նորարական Գաղափարներ Ունեցող Երիտասարդներուն Համար Ծաղկաձորի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Նորարարութեան Ճամբար

Յուլիս 1-10 Տեղեկատուութեան տեխնոլոկիաներու ձեռնարկութիւններու միութիւնը առաջին անգամ պիտի կազմակերպէ Նորարարութեան Ճամբար  ծաղկաձոր քաղաքին մէջ:
Ձեռնարկին նպատակն է գտնել նորարական գաղափարներ ունեցող երիտասարդները եւ կեանքի կոչել անոնցգաղափարները:
Կը հրաւիրուին մասնակցելու նաեւ Սփիւռքի երիտասարդները: Լաւագոյն գաղափարներու հեղինակները հնարաւորութիւնկ’ունենան մասնակցելու իրենց գործի զարգացման նպաստող  շարք մը ձեռնարկներու,  ինչպէս նաեւ` DigiTec ամենամեայցուցահանդէսին: Լաւագոյն գաղափարներու հեղինակները կը ստանան դրամական պարգեւներ:
Ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ 18-30 տարիքային խումբի անձիք, որոնք  ունին նորարական գաղափարներ: Ճամբար կըհրաւիրուին ոլորտի յառաջատար մասնագէտներ` մասնակիցներուն  սեփական փորձը փոխանցելու նպատակով:
Գրանցուելու համար հարկաւոր է`
Լրացնել մասնակցութեան յայտը (application form) եւ ուղարկել այն camp@uite.org էլ.հասցէին:
Գրանցումը բաց է մինչեւ 2013թ. յունիս 28, ժամը 17:00:
Scroll Up