“Սկաուտի օր” Գամիշլիի մէջ. Լուսանկարներ
Փետրուար 22-ին Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայկական կեդրոնի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տէր Փառէն Ծայրագոյն վարդապետ Սարգսեանի, նախաձեռնութեամբ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ 150 սկաուտներու նշուած է “Սկաուտի օր”-ը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Երեկոյի ընթացքին սկաուտները հանդէս եկած են գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով՝ մեներգ, ասմունք, փոքրիկ ներկայացում, անոնք կազմած են նաեւ սկաուտներուն յատուկ բուրգը, իսկ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուցած է ազգային երգերու երաժշտութիւն։ Հակառակ երկրի մէջ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն, Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ը երեք տարուան ընդմիջումէն ետք, եւս մէկ անգամ փաստեցին, որ հաւատարիմ են «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» կարգախօսին: