Հայոց ցեղասպանութեանը Նուիրուած Սեմինար Պրիւքսէլի Մէջ
Մարտի 16-ին, Պրիւքսէլի մէջ, Ակադեմիայի պալատի մէջ Աուշվիցի հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, տեղի կ’ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սեմինար, այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
“Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման շատ վէճեր կը յառաջացնէ. նախ, Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով, թէեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչած են շատ պետութիւններ: Միւս կողմէն, ամբողջ աշխարհի հայ հասարակութիւնը կը պայքարի պատմական յիշողութեան ճանաչման եւ պահպանման համար: Իսկ հիմա կա՞յ յիշողութիւն Թուրքիոյ հայերու մասին: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման միտումը կ’արտայայտուի թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերէ ներս: Այնուհանդերձ, Թուրքիոյ մէջ կայ հայ համայնք, հայկական մամուլ, կան նաեւ թուրքեր, որոնք ճանաչում կը պահանջեն: Սեմինարի մէկ մասը պիտի նուիրուի այն դժուարութիւններուն, որոնց կը բախի Թուրքիոյ հայերը (անոր ողբերգական օրինակը եղաւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը 2007-ի Յունուար 19-ին): Ինչի՞ վրայ կը հենի յիշողութիւնը: Կա՞ն այլ նպատակներ, բացի երիտթուքերու եւ անոնց յանցակիցներու կողմէն այդ յանցագործութիւնը ճանչնալէն: Հնարաւո՞ր է հաշտութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին ինչ դեր կրնայ խաղալ Հոլոքստի պատմութիւնը”, – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: