Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Ապրիլ 24-ին Պիտի Այցելեն Ծիծեռնակաբերդ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան բազմապիսի ձեռնարկներ, որոնք նպատակ ունին ոչ միայն լայն հասարակութեան ներկայացնել մէկ դար առաջ տեղի ունեցած մարդկութեան դէմ կատարուած առաջին յանցագործութեան մասին, այլեւ իրաւական եւ քաղաքական ճանապարհով պահանջել ճանաչում եւ հատուցում:
«Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան կը շեշտէ, որ ներկայ դրութեամբ յանձնախումբը եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ կը մշակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ, որ մինչեւ Ապրիլ 24 պէտք է դրուի քուէարկութեան:
«Բանաձեւի մանրամասները ներկայ դրութեամբ չեմ կրնար հաղորդել, քանի որ կ’ընթանայ աշխատանք եւ բանաձեւի վերջնական տարբերակը դեռեւս չէ մշակուած: Բանաձեւը պէտք է դատապարտէ Թուրքիային` մէկ դար առաջ կատարած
ցեղասպանութեան համար: Մենք նաեւ կը ցանկանք, որ բանաձեւով իրաւական փոխհատուցման պահանջ դրուի: Բանաձեւը կոչ է, որ Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը: Տարբեր առաջարկութիւններ կան եւ մենք ատոնք կը քննարկենք` աւելի լաւ տարբերակի հասնելու համար: Հիմնականին մէջ մեծ կուսակցութիւններու հետ կ’աշխատինք, որպէսզի ունենանք անհրաժեշտ ձայներ եւ բանաձեւը խորհրդարանին մէջ կարենանք հաստատել»,- ըսաւ Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ դեռեւս 1987թ. Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է բանաձեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ Թուրքիոյ մասին զեկոյցներուն մէջ մշտապէս կը բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
«Որոշ չափով լաւատես եմ, որ բանաձեւի ընդունումը պիտի յաջողի: Կայ Հայաստան-եւրոպական խորհրդարան բարեկամութեան լաւ եւ ամուր խումբ: Խումբի անդամները յիսունեօթն են: Սովորաբար Հայաստանի նման փոքր պետութիւններու բարեկամութեան խումբերու առաւելագոյնը տասը-տասնհինգ հոգի ընդգրկուած կ’ըլլան: Կը կարծեմ բարեկամութեան խումբին հետ պէտք է կարենանք յաջողցնել մեր ծրագիրները: Օրինակ, վերջերս ատրպէյճանցիներն ալ կազմեցին Բարեկամութեան խումբ մը, բայց գաղտնի կը պահեն կազմը: Խումբի անդամներուն թիւը ամենայն հաւանականութեամբ շատ փոքր է: Բացի այդ, Եւրոխորհրդարանին մէջ այդքան ալ
պատուաբեր չէ Ատրպէյճանի բարեկամ ըլլալը »,- ըսաւ Գասպար Կարապետեան: Բացի բանաձեւի ընդունումէն, կը նախատեսուի, որ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը Ապրիլին այցելէ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդին հետ ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: «Կազմած ենք Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու նախնական ցանկ, որոնք պիտի այցելեն Հայաստան: Խումբին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան ոչ միայն Եւրոխորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները, այլեւ այլ պատգամաւորներ: Բնականաբար, կազմին մէջ պիտի ըլլան խումբի նախագահ Էլենի Թէոհարիուս, փոխնախագահներ, որոնք յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին»,- ըսաւ Գասպար Կարապետեան:
Ապրիլ 24-էն ետք Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին:
Մայիսին տեղի պիտի ունենայ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի «Եղեռնը Եղեռնէն յետոյ» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան յուշարաձանագէտի նկարած լուսանկարները: Աշնան արդէն Հայ դատի յանձնախումբը պիտի նախաձեռնէ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան: «Գիտաժողովը կ’ունենայ ինչպէս գիտական այնպէս ալ քաղաքական բաժին: Ներկայ պիտի ըլլան միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ: Մենք նաեւ կը ցանկանք, որ հասարակ քաղաքացիներ ալ ներկայ գտնուին, որ լսեն քննարկումները: Այս ուղղութեամբ ներկայ
դրութեամբ կ’ընթանան աշխատանքներ»,- ըսաւ Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ մինչեւ Ապրիլ 24 քանի մը լեզուներով պիտի հրատարակուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամփոփ գիրք, որ պիտի պարունակէ քարտէզներ, լուսանկարներ: Գիրքը, որ պիտի ըլլայ գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, պիտի բաժնուի Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն: