Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Աթոռը Փոխած Է Պերթ Քոենտերսի Դիրքորոշումը

Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հաղորդման համաձայն Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոենտերս յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան գնահատական պէտք է տան ոչ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները, այլ գիտնականները, այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Նիտերլանտական Օրագիրը:
Քոենտերս, մասնաւորապէս, ըսած է. «Կառավարութիւնը չի կրնար գնահատական տալ պատմական իրադարձութիւններուն: Այս հարցին գնահատական պէտք է տան գիտնականները` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն հետ համատեղ աշխատանքի արդիւնքով»:
Թուրքիոյ Հասարակական քննարկումներու կեդրոնի նախագահ Էժտեր Քեօսէն ողջունած է Հոլանտայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան այս քայլը ու նշած. «Սա չափազանց կարեւոր որոշում է: Հաճելի է նման հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ լսելը»:
Հոլանտայի հայ համայնքը ԱԳ նախարարի այս յայտարարութիւնը որակած է’ «Խայտառակ»: Առաջին հայեացքէն պէտք էր մտածել, որ Հոլանտայի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը ուղղակի անտեղեակ է իրերու դրութեան ու անոր պէտք էր միայն հասկցնել, որ ցեղասպանութիւնը անհերքելի փաստ է ու պէտք չէ , որ գիտնականները նոր յայտնաբերեն տեղի ունեցած եղելութիւնը:
Սակայն Հոլանտայի մէջ գործող Աբովեան մշակութային միութիւնը, որ նաեւ կը համակարգէ FAON – 24 April կոմիտէի աշխատանքները, Նիտերլանտական օրագիրին այլ պարզաբանում տուաւ. «2004 թ. այս մարդը (խօսքը այժմեան նորանշանակ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոենտերսի մասին է-ծանօթ.’ Ն.Օ) , իբրեւ
խորհրդարանի անդամ ելոյթ ունեցած է մեր հանրահաւաքի ժամանակ եւ բացէ ի բաց խօսած Ցեղասպանութեան մասին, իսկ յետոյ երբ հանդիպեցանք իր գրասենեակին մէջ, դարձեալ կրկնեց, որ ան չի կասկածիր, որ այն ինչ տեղի ունեցած է հայերուն նկատմամբ ցեղասպանութիւն է: Իսկ այժմ իբրեւ նախարար այլ սազ կ ը նուագէ: Մեր
յուշումով այդ մասին քանի մը շաբաթ առաջ խորհրդարանին մէջ անոր յիշեցուցած է Հարի Վան Պոմելը’ Սոցիալիստական Կուսակցութենէն (SP)»:
Բոլորն ալ կարծես նոյն նիւթէն կը ձուլուին’ ըսուած է պարզաբանման մէջ, ըլլայ ԱՄՆ-ի նախագահը, թէ Հոլանտայի նախարարը, հէնց նստին աթոռին, էութեամբ կը փոխուին (նոյնպէս այլ հարցերու նկատմամբ):
Յիշեցնենք, որ 2004 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին Հոլանտայի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Ռաուֆուտի բանաձեւը` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը: