Ա. Փոլատեան՝ Թուրքիոյ քաղաքական գործիչներու գործունէութիւնը հանդէպ Սուրիոյ ժողովուրդին շարունալութիւնն է նոյն քաղաքականութեան հայ ժողովուրդին հանդէպ

Սուրիական ՍԱՆԱ մշակութային թերթի աշխատակից Մուհամմէտ Ալխիտր հարցազրոյց մը ունեցած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանի հետ, ուր վերջինս հանգամանօրէն անդրադարձած է Հայ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու ճակատագիրի նմանութեան:
Ան կ՛ըսէ, թէ Հայ եւ Արաբ ժողովուրդը ունին նոյն պատմական անցեալը .Արաբ Խալիֆայութեան ժամանակներէն ի վեր, երբ Հայաստան Սուրիոյ դրացի երկիր էր նախքան թուրքերու յայտնուիլը այս տարածաշրջանին մէջ: Սակայն անոնք աստիճանաբար իրենց արշաւներուն միջոցով տիրեցին այս տարածքներուն՝ զանոնք կցելով Օսմանական կայսրութեան տարածքներուն:
Իսկ հայոց բնաջնջումին մասին դեսպան Փոլատեան կ՛ըսէ ՝
Երբ հայ ժողովուրդը սկսաւ պահանջել իր իրաւունքները եւ անկախութիւնը, օսմանական կայսրութիւնը սկսաւ ոճրագործական քայլերու դիմել, սկսած Սուլթան Ապտուլ Համիտի օրերէն եւ հասած Իթթիհատականներու կառավարութեան ժամանակը:
Նոյնիսկ Սուլթանին դէմ պայքարող Իթթիհատականները, որոնք ազատութեան խոստումներ կու տային հայ ժողովուրդին, դիմեցին ամենավայրագ քայլին՝ իրականացնելով ցեղասպանութիւնը անոնց դէմ օգտագործելով կրօնական ազդակը: Այդպիսով ցանեցին Իսլամական ծայրայեղական սերմերը, որոնց արդիւնքները կը տեսնենք այսօր Իսլամիստական ծայրայեղական շարժումներու կողմէն: Օսմանցի թուրքերը ատելութեամբ լեցուած էին հայերուն հանդէպ, սակայն Արաբ իսլամ Սուրիացին գրկաբաց ընդունեց տարահանուած հայերը:
Շարունակելով իր խօսքը պրն. Փոլատեան կ’ըսէ, որ պատմութիւնը ինքզինքը կը կրկնէ, երբ հայրենասպանութիւնը կը կատարուի նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ ինչպէս հայերուն:
Աւարտելով իր խօսքը պրն. Փոլատեան կ’ըսէ
Այսօր մենք հայերս պարտք կը զգանք մեր արաբ սուրիացի ժողովուրդին հանդէպ, որոնք տէր կանգնեցան մեզի, մեր արհաւիրքի օրերուն եւ Սուրիոյ այս դժուարին օրերուն ՀՀ դեսպանութիւնը Դամասկոսի մէջ շնորհակալագիր մըն է Սուրիոյ քաջարի ժողովուրդին հայ ժողովուրդին հանդէպունեցած իր վեհանձն կեցուածքին համար: