Շուէտի Իրաւագէտ. Հայերու Հետ Կատարուածը Ցեղասպանութիւն Էր, Ոչ Թէ Տեղահանում

Փետրուար 19-ին «Ռատիօ Շուէտ»էն  հեռարձակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցազրոյց յայտնի միջազգային իրաւագէտ Օվէ Պրինկի հետ, ինչպէս կը հաղորդէ armeniangenocide100.org-ը:

Փրոֆէսոր Պրինկ ներկայացուց Ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը` ընդգծելով, որ երկրի կառավարութիւնը ունէր կայսրութեան տարածքին մէջ ապրող հայ եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու միաձուլման խնդիր, որ իրականացուեցաւ բնաջնջման ճանապարհով` օգտուելով առաջին Համաշխարհային պատերազմի պայմաններուն մէջ ստեղծուած անկանոն իրավիճակէն: Ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան ընթացքը, ընդգծելով ատոր փուլային բնոյթը` որուն արդիւնքով նախ ձերբակալուեցան եւ սպաննուեցան հայ մտաւորականութիւնը, որմէ ետք  տեղահանուեցան եւ գաղթի ճանապարհին բնաջնջուեցան բնակչութեան միւս հատուածը` հիմնականին մէջ կանայք, երեխաներ եւ մեծահասակներ: Համեմատականներ իրականացնելով այլ ցեղասպանութիւններու հետ` փրոֆէսոր Պրինկ նշեց, որ փուլային բնոյթ  կրած են նաեւ Հոլոքոստը, Քամպոտիոյ մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը եւ այլ զանգուածային բնաջնջումներ:

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտը առանձնայատուկ կերպով նշեց, որ այն ինչ կատարուեցաւ հայերու հետ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ցեղասպանութիւն էր, այլ ոչ թէ ուղղակի տեղահանում, քանի որ տեղահանումը կ’ենթադրէ մարդոց խումբի վերաբնակեցման կազմակերպում, նախապէս անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծում
եւ բնակավայրերու պատրաստում: Շարունակելով իր խօսքը` փրոֆէսորը նշեց, որ հակառակ ատոր հրամայուած էր գաղթի ճանապարհին սպաննել որքան հնարաւոր է շատ հայ: Փրոֆէսոր Պրինկ անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան գործին մէջ երկրի քիւրտ բնակչութեան աշխոյժ մասնակցութեան` նշելով, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող շատ քիւրտեր չեն թաքցներ, որ իրենք կ’ապրին հայերու տուներուն մէջ եւ կ’օգտուին հայերու գոյքէն:Աւարտելով իր խօսքը փրոֆէսոր Պրինկ նշեց, որ տարբեր հաշուարկներով ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած է 1-1․5 մլն մարդ, կան 1916թ-ին հրապարակուած տուեալներ մօտ 900 հազար սպաննուածի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ վկայութիւններ, եւ Ցեղասպանութեան արդիւնքով, որ ներկայիս հայերը սփռուած են ամբողջ աշխարհով մէկ:

Scroll Up