Սթոքհոլմի Մէջ Քննարկումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Հրանդ Տինքի Սպանութեան Վերաբերեալ

Շուէտի մայրաքաղաք` Սթոքհոլմի մէջ, վերջին շաբթուան ընթացքին սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով քննարկումներ կազմակերպել, առաջին քննարկումները, որ կրած է «1915թ. Հայոց ցեղասպանութիւն, ինչ պատահեցաւ 100 տարի առաջ» խորագիրը, այս քննարկումէն մէկ օր առաջ տեղի ունեցած է յատուկ հանդիպում նշելու, Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, երկու ձեռնարկներու քննարկումներուն ընթացքին նշուած է, որ զանգուածային ջարդը հայերու եւ ասորիներու նկատմամբ իրականացուած են կրօնական եւ ցեղային խտրականութեան պատճառով, որ մինչ օրս Թուրքիան կը ժխտէ այն:

Քննարկումներուն մասնակցած է Անտրիա Քարլսոն, Շուէտի նախկին հիւպատոսը Պոլսոյ մէջ եւ Թոմաս Համարպըրկ, Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնաժողովի նախկին նախագահը:

Scroll Up