Թոմաս Տէ Վաալ Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Մասին Պիտի Խօսի USC-ի Մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, Փետրուար 23ի կէսօրին, համալսարանի «Ground Zero» սրճարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ի՞նչ կը պատահի Ցեղասպանութենէն ետք» նիւթով զրոյց մը՝ մասնակցութեամբ Թոմաս տէ Վաալի եւ համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Ռապըրթ Ինկլիշի։
Յիշեցնենք, որ վերջերս լոյս տեսած էր Թոմաս տէ Վաալի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Great Catastrophe: Armenians and Turks in the Shadow of Genocide» («Մեծ Աղէտ. Հայեր Եւ Թուրքեր՝ Ցեղասպանութեան Շուքին Տակ») հատորը։
Ձեռնարկին ընթացքին ճաշ պիտի մատուցուի, իսկ զրոյցը ուղղակի պիտի սփռուի http://tinyurl.com/Tom-de-Waal կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին։

http://asbarez.com/

 

Scroll Up