ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան Նախագահը

ՀՀ  սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան նախագահ Յակոբ Մկրտչեանը: Զրոյցին ընթացքին Յ. Մկրտչեան նախարարին ծանօթացուց Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան  գործունէութեան, նշելով, որ ներկայիս այն ունի շուրջ 50 անդամ: Ողջունելով հիւրը`  նախարար Հ. Յակոբեան  կարեւոր համարեց օտար երկիրներու մէջ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի տարածման եւ զարգացման  գործին մէջ հայ գրողի  դերը, ծանօթացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  կողմէ  իրականցուող ծրագիրներուն, մասնաւորապէս,  ելեկտրոնային գրադարանի, հայերէնի հեռակայ ուսուցման եւ հայապահպանութեան նպաստող այլ ծրագիրներու մասին: Նախարարը յորդորեց  աւելի մեծ  ուշադրութիւն նուիրել օտարագիր հայ գրողներուն, քանի որ լսելով հայոց լեզուն, ծանօթանալով հայկական մթնոլորտին հետ, անոնք առաւել եւս կը կապուին  իրենց ազգային արմատներուն եւ հայկականութեան ոգին կ’արտացոլեն իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ: Խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի հետ ամերիկահայ համայնքի կապերու աշխուժացման, հայկական դպրոցներու վիճակին,  Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրականացուելիք ծրագիրներուն մասին:   հաշուի առնելով, որ Փետրուար 19-ը գիրք նուիրելու օրն է,  նախարար Հ. Յակոբեան եւ Հ. Մկրտչեան իրարու գիրքեր նուիրեցին:

Scroll Up