Սերժ Թանկեան Յուզուած Է Թուրք Երգիչին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երգի Կատարումով (տեսանիւթ)
Հայկական ծագումով յայտնի երգիչ Սերժ Թանկեան յուզուած է թրքական խումբի եւ թուրք երգչուհի Այսէ Թութունչուի կատարմամբ «Ապրիլեան անձրեւոտ օր մը» երգը լսելուն: Այդ մասին երգիչը գրած է իր Facebook-եան էջին վրայ եւ նշած, որ երգը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կը գրէ «Այսօրը»:
Նշենք, որ հայկական ժողովրդական երգը կը կատարեն 42 անդամներէ կազմուած թրքական խումբ մը եւ Այսէ Թութունչուն:
«Երաժշտութիւնը յանուն ճշմարտութեան կը վերացնէ բոլոր սահմանները»,-գրած է Ս. Թանկեան: