Թուրքերը Կը Պահանջեն «Եւրոտեսիլ- 2015»-ին Որակազրկել Հայաստանը Ու Ֆրանսան

Հաղորդուած էր, որ Հայաստան պիտի ներկայանայ «Don’t Deny»( «Մի՛ ժխտեր») երգով:
Թուրքերը ենթադրած են, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Հայաստան Թուրքիոյ դէմ խիստ խօսքեր պարունակող երգով հանդէս պիտի գայ, կը գրէ Artsakhpress-ը:
Մրցոյթի թուրք երկրպագուները change.org կայքին մէջ ստորագրահաւաք սկսած են` Եւրոպայի հեռարձակողներու միութենէն պահանջելով որակազրկել Հայաստանը, քանի որ համաձայն գործող կանոններու` մրցոյթը քաղաքականացնելը կ’արգիլուի:
Ստորագրահաւաքի կազմակերպիչները դժգոհ են, որ ԵՀՄ-ը չէ արձագանքած Հայաստանի այդ քայլին:
Ի դէպ, կազմակերպիչները կը պահանջեն նաեւ որակազրկել Ֆրանսան, քանի որ Ֆրանսայի մասնակիցը ըսած էր, որ երգը պիտի նուիրուի Ցեղասպանութեան:
«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ` Մայիս 19-ին, 21-ին եւ 23-ին` «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանի ներքոյ: Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած էին, որ հաւատարիմ մնալով մրցոյթի այս տարուան նշանաբանին, ոգեշնչուելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի գաղափարով, ինչպէս նաեւ` առաջնորդուելով բազմաթիւ սփիւռքահայերու ցանկութեամբ, որոնք միշտ եղած են եւրոտեսիլեան մեր պատուիրակներու կողքին,
հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը որոշած է մրցոյթին ներկայացնել նոր ձեւաչափ:
Կարեւոր համարելով խաղաղութեան, միասնութեան եւ հանդուրժողականութեան գաղափարը` հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղագործական խումբը որոշած է այս տարի համախմբել 1915 թ-ին աշխարհի 5 մայրցամաքներու մէջ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Աֆրիկա, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդը: Խումբին մէջ ծագումով հայ 5 երգիչներ են, որոնք պիտի զուգակցուին անմոռուկի 5 թերթիկներուն հետ,
իսկ Հայաստանէն պիտի միանայ եւս մէկ մասնակից, որ պիտի համախմբէ թերթիկները: Յատուկ մրցոյթին համար ձեւաւորուելիք խումբը պիտի կրէ «Genealogy» անուանումը` 6 արուետագէտ, 6 ճակատագիր, 1 պատմութիւն: