Թումանեանի Բարեկամուհին Համաձայնած Է Վաճառել Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսեան Բնակարանի Իր Հատուածը

Թիֆլիսի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի բնակարանի հարեւանութեամբ բնակող մեծ գրողի բարեկամուհին համաձայնած է վաճառել իր բնակարանը:

Այս մասին Փետրուար 18-­ին լրագրողներուն տեղեկացուց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: «Թումանեանի Թիֆլիսի տան մէջ յետագային պիտի գործէ մշակութային կեդրոն. տունը գնելէ ետք փոխանցուած էր Թիֆլիսի հայ մշակոյթի կեդրոնի տնօրինութեան:

Եւ այդ տարածքին միացնելով Թումանեանի բարեկամուհիէն գնուելիք բնակարանը` հնարաւոր պիտի ըլլայ ստեղծել աւելի մեծ կեդրոն», ­ ըսաւ Էդուարդ Միլիտոնեան: «Թումանեանի հիմնած Վերնատունը դարձաւ մեր մշակոյթի եւ գրականութեան  քուրա մը, ուր կ’արծարծուէին բազմաթիւ մշակութային, գրական հարցեր, ազգային խնդիրներ: Երբ կը կարդաս Վերնատան գործունէութեան պատմութիւնը` կը տեսնես, որ ատիկա, կարծէս, ինստիտուտ մըն էր, ուր Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դէմիրճեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ
Աղբալեան կը հաւաքուէին, քննարկէին, կը ստեղծէին գաղափարներ, վերարժեւորելով մեր դասականները ստեղծելով  մթնոլորտ մը, որ կը տարածուէր մեր ողջ հայութեան մէջ», ­ ըսաւ Էդուարդ Միլիտոնեան:

Յովհաննէս Թումանեանի թիֆիլիսեան տան մէկ մասը հայկական կողմը յաջողեցաւ գնել 2012 թուականի Փետրուարին: Թումանեանի տան մէկ հատուածի գնումը, որ անցեալին կը պատկանէր վրացի սեփականատիրոջ, հնարաւորութիւն եղաւ իրականացնել Հայաստանի գրողներու միութեան   նախագահ    երջանկայիշատակ    Լեւոն
Անանեանի ջանքերով եւ Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ:

Scroll Up