Ֆայսալ Խարտաշ. Հայը բռնի տեղահանուած ժողովուրդ է, այսօր կ’ապրի մտահոգ եւ անցեալի դառն յիշողութիւններով
Ֆայսալ Խարտաշ, ծնած է 1952թ.ին, Հալէպի հին թաղամասերէն մեկուն մէջ, հայրը ֆրանսական գաղութատիրութեան տարիներուն, եղած է յեղափոխական: Աւարտած է Հալէպի համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժինը 1983թ.-ին, Արաբ գրողներու միութեան անդամ, Արաբ Լրագրողներու միութեան անդամ:
Սկսած է պատմուածքներ գրել 1973թ.ին, իր առաջին պատմութիւնը սուրիական թերթերուն մէջ հրատակուած է 1975թ.ին: Այնուհետեւ հրատակած է պատմուածքներու հաւաքածուներ, արժանացած է շարք մը մրցանակներու, իր պատմուածքներէն մաս մը վերածուած են ֆիլմի, եւ արժանացած են մրցականերու:
Հրատարակած է քանի մը գիրք հայոց ողբերգութեան մասին, Յասմիկի եւ գիշերուան տերեւներ ( والياسمين الليل أوراق ) 1994, գիրքին մէջ Խարտաշ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի կրած տանջանքները, եւ անօգնական հայ ժողովուրդի յարաբերութիւններու բարդութիւնները, եւ Խան Էլ Զէյթուն գիրքը (الزيتون خان) 1995:
Յայտնի է իբրեւ Միջին Արեւելք թերթի մշակոյթի բաժինի թղթակից, որ կը հրատարակուի Լանտոնի մէջ, նաեւ պարբերաբար կը գրէ տարբեր արաբական թերթերու մէջ:
Խարտաշ «Էլ Թաուրա էլ Սուրիա» թերթին մէջ գրած է Արամ Սեփեթճեանի «Զոհը» (الذبيحة) գիրքին մասին, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի ապրած սարսափելի ողբերգութիւնը լիբանանեան պատերազմի օրերուն, Լիբանանի ժողովուրդը կը ներկայացնէ իբրեւ գեղարուեստական նկար, եւ հայ ժողովուրդը իբրեւ անբաժան մասնիկը այդ նկարին, յօդուածին մէջ կը գրէ, եթէ փորձէք անջատել Լիբանանի հայութեան արուեստն ու արուետը, տնտեսական եւ գիտական նուաճումները , կը տեսնէք գեղանկարչութիւնը պիտի գունաթափուի, որովհետեւ այս ժողովուրդը կէս դարէ աւելի ապրած եւ աշխատած է` ընդելուզուած այս երկրին մէջ :
Հայ լիբանանցին կը ներկայացնէ ըսելով , որ հայը բռնի տեղահանուած ժողովուրդ է, այսօր կ’ապրի մտահոգ եւ անցեալի դառն յիշողութիւններով, դառնալով գրող եւ մտաւոր, անպայման պիտի միացնէ անցեալն ու ներկան, իր ազգութիւնը եւ Լիբանանի քաղաքացիութիւնը, իր այս նոր իրականութիւնը եւ հոգեբանութիւնը, արդէն ժամանակի վկայութիւնն են: