Փետրուար 21-ը` Մայրենիի օր (տեսանիւթ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Նախարարության-լոգոն-և-մայրենին1.jpg)
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշման համաձայն` Փետրուար 21-ը յայտարարուած է Մայրենիի միջազգային օր: Ան կը նշուի ամէն տարի` 2000 թուականէն սկսեալ:
Հայաստանի մէջ տօնը սկսած է նշուիլ 2005 թուականէն, նախաձեռնութեամբ ` այն ժամանակ ՀՀ Ազգային ժողովի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեանի:
2005 թուականին փոփոխութիւն մտցուեցաւ ՀՀ “տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին” օրէնքի եւ ՀՀ պետական տօնացոյցի մէջ Փետրուար 21-ը հաստատուեցաւ իբրեւ Մայրենիի օր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն մինչ այսօր նախարարութիւնը ամէն տարի հանդիսաւոր կերպով կը նշէ Մայրենիի օրը: Այս տարի Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկները պիտի մեկնարկեն Փետրուար 20-ին. “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” խորագիրով ձեռնարկները կը նուիրուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Փետրուար 20-ին ժամը 12:00–ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճէն ներս պիտի կայանայ “Մայրենին իմ Հայրենիքս է” խորագիրով գիտաժողովի բացումը:
Նոյն օրը ժամը 18:00–ին Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահէն ներս պիտի կայանայ Մայրենիի օրուան նուիրուած համերգային ծրագիր:
Փետրուար 21-ին ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն պիտի կազմակերպուի այցելութիւն Օշական եւ Մատենադարան:
11:05- ին Ծաղկեպսակի տեղադրում Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին:
11:15-ին Օշականի դպրեվանքի մէջ ելոյթ պիտի ունենան Օշական գիւղի դպրոցի աշակերտներն ու սուրիահայ պատանիները:
12:15-ին այցելութիւն Մատենադարան: Ծաղկեպսակի տեղադրում Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին: