Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Հարցը Քննարկուած Է Սպանիոյ Պետական Հեռուստատեսութեամբ

Սպանիոյ հեռուստատեսութեան 2-րդ ալիքի (La 2) «Երկրորդը` բոլորի համար» («Para todos La 2») ամենօրեայ հաղորդաշարի հերթական հաղորդումը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան: Հաղորդման հիւրերն էին Արարատ Հայկական Միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան եւ վերջերս լոյս տեսած «Արարատի յիշողութիւնը» («La memoria del Ararat») գիրքի հեղինակ, գրող, լրագրող, «Էլ պերիոդիկօ» («El periցdico») օրաթերթի թղթակից Խաւիեր Մորեթ (Xavier Moret):
Հաղորդման թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, մարդկութեան դէմ այդ յանցանքի ծագման պատճառները, ընթացքը, հետեւանքները, ներկայիս ճանաչումն ու Թուրքիոյ մերժողական պետական քաղաքականութիւնը եւ հայութեան պահանջը: Եթերի սկիզբը հեռարձակուեցաւ փաստավաւերագրական եւ ծանուցողական ֆիլմ Ցեղասպանութեան մասին, ուր մեկնաբան Էռնեսթ Պասկոմպթէ Սամսոն (Ernest Baskompte Samso) ներկայացուց Ցեղասպանութեան փաստը, Թուրքիոյ ներկայիս ժխտողական պետական համակարգը եւ այն երկիրները, որոնք պետականօրէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց, որ կը վարէր հաղորդավարուհի Մարթա Քասերեսը: Վերջինիս առաջին հարցը հետեւեալն էր. «Արդեօք 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը իր հետեւանքը ունեցա՞ծ է ներկայիս հայերուն վրայ»: Հարցին պատասխանեց Արարատ Ղուկասեան` ըսելով, որ ներկայիս Հայաստանի եւ անոր սահմաններէն դուրս ապրող 10 միլիոն հայերն անխտիր իրենց վրայ կը կրեն Ցեղասպանութեան հետքը, որ դեռ չսպիացած վէրք է այնքան ժամանակ, քանի դեռ իր արժանի պատասխանը չէ ստացած եւ քանի դեռ Թուրքիան չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հաղորդավարուհիին հարցին, թէ միթէ՞ ժամանակը չի կրնար դեր խաղալ, Ղուկասեան պատասխանեց. «Թեկուզ եւս 100 տարի անցնի, այն մոռնալը մեղք է ո´չ միայն հայերուս, այլեւ ողջ միջազգային հանրութեան համար»:
Ղուկասեանի խօսքը հաստատեց գրող Խաւիեր Մորեթը, որ նշեց, որ 2013 թուականի Ապրիլ 24-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ աւելցուց. «Հասկնալու համար, թէ ատիկա ի՛նչ է, պէտք է անպայման երթալ այնտեղ»: «Հայաստանը չքնաղ երկիր մըն է,- շարունակեց իր խօսքը Մորեթը,- հայ ժողովուրդը չքնաղ ժողովուրդ մը, որուն հիւրընկալութիւնը, սէրը, վիշտը եւ ամէնը հասկնալու համար, պէտք է անպայման այցեցել Հայաստան: Ես սիրահարուած եմ Հայաստանին»:
Բաց քննարկման ժամանակ Մարթա Քասերես նշեց, որ հրաւիրած են նաեւ Թուրքիոյ դեսպանը եւ դեսպանատունէն ներկայացուցիչներ, որոնք նոյնիսկ չեն պատասխանած հրաւէրքին: Իսկ Ղուկասեան աւելցուց` պարզ եւ հասկնալի է, թէ ինչու՛:
Գրող Խաւիեր Մորեթ նշեց, որ շատ կարեւոր է, որ այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Սպանիան եւ Իսրայէլը, պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի նման յանցանքներ, որոնց դժբախտաբար ականատես կ’ըլլանք նաեւ հիմա աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, այլեւս չկրկնուին:
Հաղորդման աւարտին Արարատ Ղուկասեան մէջբերում կատարեց Ուիլեամ Սարոյեանի հանրայայտ խօսքերը` երբ երկու հայ հանդիպին աշխարհի որեւէ վայրի մէջ, կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը:
Հարցազրոյցէն ետք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ համատեղ եւ շարունակական համագործակցութեան մասին: Իսկ Խաւիեր Մորեթի նոր հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Վալենսիոյ «Պատակոնիա» գրախանութին մէջ, որ պիտի ներկայացնէ Արարատ Ղուկասեան:
Արարատ Հայկական Միութիւն
Վալենսիա (Սպանիա)