Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին Առիթով

Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015-ին Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայութեան եւ քահանաներու տօնին առիթով Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս․ եւ անմահ պատարագ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց ԹԵմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Հալէպի հոգեւորականաց դասին եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան։ Պատարագի ընթացքին խորանի սպասարկուները քահանաներն էին, որոնք թափօրով շրջեցան նաեւ եկեղեցւոյ մէջ։

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ շեշտեց Ղեւոնդեանց ախոյեաններու օրինակին հետեւելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ծառայողութեան ճամբով քրիստոնէութեան կոչումը արժեւորելու կարեւորութիւնը։

Սրբազան հայրը հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներուն մաղթեց քաջառողջ օրեր եւ պտղաբեր գործունէութիւն։ Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւորականներուն հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ «Շողակաթ» երգչախումբը՝ մեկնաբանելով օրուան խորհուրդին հետ առնչուած հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգեր։

Առաջնորդ սրբազան հօր քահանայական ձեռնադրութեան 30ամեակին եւ եպիսկոպոսական օծման տասնամեակին զոյգ առիթներով քահանայից դասը բարեմաղթութիւններ փոխանցեց եւ յուշանուէր մը յանձնեց սրբազան հօր։ Աւարտին, սրբազան հայրը խրախուսեց ներկաներն ու իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց։ Այս առիթով սրբազան հայրը, գերապատիւ հայր սուրբն ու քահանայից դասը հաւատացեալ ժողովուրդէն շնորհաւորանքներ ընդունեցին։

Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ․ համարով։

հալեպՀալեպ3 հալեպ4

Scroll Up