Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը Կոչ Կ’ուղղէ Միանալու Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան 36-րդ Տարեդարձին Կայանալիք Քայլարշաւին

Թեհրանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդը կը յայտարարէ, որ հայ ժողովուրդը մէկ անգամ եւս կը նորոգէ իր հաւատարմութեան ուխտը Իրանի Իսլ. յեղափոխութեան արժէքներուն ու նպատակներուն հետ եւ իր ձայնը միացնելով հազարաւոր իրանցիներու ձայնին հետ, Իրանի փառապանծ ժողովուրդի միասնականութեան մունետիկը պիտի ըլլայ:
Հայ ժողովուրդը Իրանի պատմութեան բոլոր ժամանակներուն եղաւ Իրանի անբաժանելի մասը եւ դարեր շարունակ այս Սուրբ երկրին մէջ ապրեցաւ, հաւատարմութեամբ ստեղծագործեց եւ իր քրտինքն ու արիւնը ի սպաս դրաւ իրանեան հայրենիքի բարգաւաճման:
Տասնեակ հայ նահատակաները, կենդանի վկաներն են հայ ժողովուրդի Իրանի հանդէպ տածած սիրոյ եւ հաւատարմութեան:
Եւ ահա այս անգամ եւս ի յարգանս նահատակներուն, հեղուած արեան եւ յեղափոխութեան արժէքներուն եւ նորոգելով մեր ուխտը Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդին հետ` Իսլամ քոյր եւ եղբայրներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած կրկին անգամ հրապարակ պիտի իջնենք, որպէսզի Իրանի յեղափոխութեան պատգամը, որ աստուածային արժէքներու պահպանումն ու Աստուածային կրօններու հանդէպ գործուած անարգանքի դատապարտումն է` աշխարհի բոլոր բնակիչներու ականջին հասու դարձնենք:
Ողջոյն նահատակներու յաւերժ յիշատակին, ողջոյն Էմամ Խոմէյնիի վառ յիշատակին, կանգուն թող մնայ Իրանի Իսլ. յեղափոխութեան առաջնորդը, քաջ բանակը եւ Իրանի յաղթական ժողովուրդը: Կեցցէ Իրանի Իսլ. Հանրապետութիւնը:
Ուստի սիրելի ժողովուրդին կը հրաւիրենք մասնակցելու Իրանի Իսլ. յեղափոխութեան 36-րդ տարեդարձին կայանալիք քայլարշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 Պահմանին:
Թեհրանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդ