Թեհրանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի Ատենապետ Գէորգ Վարդանին Յանձնուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Յուշամետալ
Փետրուար 4-ին Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան նորընտիր կեդրոնական վարչութեան անդամներն այցելեցին Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Վարչութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքէլեան խօսեցաւ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին եւ բարձր գնահատեց վերջինիս ծաւալած աշխատանքները:
Կազմակերպութեան նորընտիր վարչութեան նախագահ Գէորգ Վարդան հակիրճ ներկայացուց կազմակերպութեան հովանիի ներքոյ իրականացուող աշխատանքները, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները:
Հանդիպման աւարտին դեսպան Առաքէլեան ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Անկախութեան տօնին առթիւ շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալը եւ պատուոգիրը յանձնեց Թեհրանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Վարդանին: