Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց ՀՀ-ի ՄԷջ ՉԺՀ Դեսպան Թիան Էրլունը

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՉԺՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունը:

Շնորհաւորելով ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի նորանշանակ դեսպանը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-չինական յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ժամանակ աւելի պիտի զարգանան: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ հայ-չինական տնտեսական կապերու աշխուժացումը:

Հ.Յակոբեան դեսպանին տեղեկացուց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուելուն ուսումնասիրուած է նաեւ Չինաստանի պետութեան փորձը սփիւռքի հետ համագործակցելու բնագաւառին մէջ:

Դեսպանի խնդրանքով նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուց գերատեսչութեան գործունէութիւնը, գործառոյթները, ամէնամեայ ծրագիրները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հրապարակած համահայկական հռչակագիրի քաղաքական, ազգային, բարոյական ուղղութիւնները:

Նախարարը շեշտեց, որ կ’ակնկալեն Չինաստանէն բարձր մակարդակի պատուիրակութեան ժամանում` «Մարդկութիւնը ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովին մասնակցելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առանցքային ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելու համար:

Անդրադառնալով Չինաստանի մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու յաջողութիւններուն ու Նանճինկի մէջ գործող հայ ուսանողներու միութեան` նախարարը կարեւոր նկատեց հայ եւ չին երիտասարդներու համագործակցութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Թիան Էրլուն ըսաւ. «Հայաստանը հետաքրքիր է այն առումով, որ ինչպէս եւ Չինաստանը, հնագոյն պատմութիւն եւ աւանդոյթներ ունեցող երկիր է եւ մեծ սփիւռք ունի: Չինական սփիւռքը 50-60 միլիոն է եւ հիմնականին մէջ կը բնակի զարգացած երկիրներու` ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Մեծ համայնքներ կան Ինտոնեզիոյ եւ Մալիզիոյ մէջ, որոնք կը կազմեն բնակչութեան 20-30 տոկոսը»:

 Դեսպանը ներկայացուց նաեւ Չինաստանի մէջ սփիւռքի հետ աշխատող պետական կառոյցի գործառոյթները: Ան նշեց, որ ՉԺՀ մէջ սփիւռքի հարցերով կը զբաղի կառավարութեան առընթեր գրասենեակ, որ նախարարութեան համարժէք միաւոր է եւ ստորաբաժանումներ ունի երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ: Չինաստանի մէջ մշակուած են սփիւռքի ներկայացուցիչներու իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանող օրէնքներ, որոշումներ, իրաւական գործերը, որոնք ալ դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնեց փոխանցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:

Քննարկուեցան նաեւ յետագայ համագործակցութեան այլ հարցեր:

 

 

 

 

Scroll Up