ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստանի Երաժշտահաններու Եւ Երաժշտագէտներու Միութեան Նախագահը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Naxarar.jpg)
Փետրուար 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանը:
Մայեսթրոն նախարարին ներկայացուց սփիւռքեան համայնքներէն ներս կայացած համերգները, ինչպէս նաեւ հայաշատ քաղաքներուն մէջ իրականացուած այլ ձեռնարկներ:
Նախարարը, բարձր գնահատելով միութեան գործունէութիւնը, նշեց, որ սփիւռքի մէջ հայկական երաժշտութեան տարածմամբ անոնք իւրովի կը նպաստեն հայապահպանութեան գործընթացին:
Հանդիպման քննարուեցան Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման ուղղուած շարք մը հարցեր: